Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերքուքի Գծով Լարուածութեան Մեղմացման Եւ Սաստկացման Զուգընթաց Ճիգեր. Իրաքեան Դատարանը Կ՛որոշէ Ձերբակալել Քիւրտ Ղեկավար Քոսրաթ Ռասուլը

October 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող 25 սեպտեմբերին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք լարուած մթնոլորտ տիրեց Իրաքի կեդրոնական իշխանութեան եւ ինքնավար մարզին միջեւ: Անցնող երկուշաբթիէն ի վեր կացութիւնը օրըստօրէ կը սրի եւ այս ուղղութեամբ լարուածութեան մեղմացման կեցուածքներն ու ճիգերը թափ կ՛առնեն զուգահեռաբար կացութիւնը սաստկացնել  փորձող քայլերուն:

Այս ծիրին մէջ Իրաքի վարչապետ  Հայտար Ապատի երկխօսութեան կոչ ուղղեց քիւրտերուն, որոնք փոխադարձաբար ողջունեցին անոր այս կեցուածքը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ եւ հանդարտեցման կոչ ուղղեց` պատկան կողմերուն թելադրելով երկխօսութեան նստելու:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆելահ Մուսթաֆա Պաքըր յայտնեց, որ ոչ մէկ մտադրութիւն կար պատերազմ մղելու Պաղտատի դէմ: «Մենք պատրաստակամութիւն յայտնեցինք լուրջ ու խաղաղ երկխօսութեան նստելու` խորհրդակցելու համար մարզի սահմաններուն եւ փոխադարձ յարաբերութեանց շուրջ, սակայն Պաղտատ պատրաստ չէր երկխօսութեան», ընդգծեց ան:

Իրաքեան դատարանը կալանաւորման հրամանագիր արձակած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի փոխնախագահ Քոսրաթ Ռասուլի դէմ, որ «գրաւեալ ուժեր» նկատած է իրաքցի զինուորականները: Ռասուլ կրնայ եօթը տարուան ազատազրկումի դատապարտուիլ:

100 Հազար Քիւրտեր Փախուստ Տուած Են Քերքուքէն

Միւս կողմէ, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի պատասխանատու մը յայտարարեց, թէ երկուշաբթիէն ի վեր 100 հազար քիւրտեր փախուստ տուած են Քերքուքէն:

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, քրտական ուժեր տակաւին իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն Քարմալայի քարիւղի հանքը:

Նախորդը

Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Ձերբակալուած Է Օսման Քաւալան

Յաջորդը

Աֆղանիստան Դարձեալ Յարձակման Թիրախ Դարձաւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.