Քերքուքի բնակիչները տարբեր օր մը ապրեցան երէկ. փաստօրէն այլեւս կացութիւնը այն չէ, ինչ որ էր նախանցեալ օր: Այսուհանդերձ փեշմերկաներու աղբիւրներ իրենց ընդվզումը արտայայտեցին իրաքեան ուժերուն կողմէ քիւրտերուն դէմ բռնարարքներու գործադրութեան մեղադրանքով:
Միւս կողմէ, իրաքցի պատասխանատուներ, յատկապէս բանակային ղեկավարներ հերքեցին նման արարքներ` իրենց բարի դրացնութեան միտումները շեշտելով Քերքուքի եւ առհասարակ քիւրտ բնակչութեան նկատմամբ:
«Հանրաքուէն անցեալին կը պատկանի այլեւս», յայտարարեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ` երկխօսութեան կոչ ուղղելով: «Փեշմերկաներ ընտրեցին գործակցիլ Իրաքի դաշնակցային կառավարութեան հետ», աւելցուց Ապատի:
Իր կարգին, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի Քերքուքի դէպքը վերագրեց «կարգ մը անհատ ղեկավարներու միակողմանի որոշումին: Անոնք կը հետեւին Քիւրտիստանի մէջ ներքին քաղաքական որոշ կողմի մը»:


