Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Շըրնաք շրջանին մէջ փլուզում պատահած է ածխահանքի մը մէջ` վիրաւորելով տեղւոյն աշխատաւորները: Փրկարար ջանքերու շնորհիւ կարելի եղած է ազատել ածխահատներու մեծ մասը` թիւով եօթը հոգի:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թուրք»-ի, տակաւին մէկ աշխատաւոր մնացած է հանքին մէջ, որուն համար փրկարար ջանքերը կը շարունակուին:


