Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոյս Եւ Շիֆ Կը Զօրակցին Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցման Համար 100 Միլիոն Տոլար Ապահովելու Ջանքերուն

October 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ շաբաթ, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ յայտարարած են, թէ նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեան:

Քոնկրեսականները այս հաստատումը կատարած են «Փոլիթիքօ»-ի քաղաքական խմբագիր Չարլի Մահտեսեանի համադրութեամբ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին:

Ռոյս յայտնած է, թէ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին ներդրումը կրնայ մեծապէս նպաստել Հայաստանի հետ առեւտուրի զարգացման ջանքերուն` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ նշեալ մարզերուն մէջ Հայաստան մեծ կարողականութիւն ունի:

Իր կարգին, Շիֆ յայտնած է, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին կողմէ նախապէս Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութիւնը յատկանշական կերպով նուազեցուցած էր գիւղական շրջաններուն մէջ չքաւորութեան մակարդակը` աւելցնելով, որ կրթական մարզին մէջ նման նոր յատկացում մը կատարելու գաղափարին ինք մեծապէս կը զօրակցի: «Հայաստան ինչո՞ւ չի կրնար Սիլիքոնեան հովիտին նմանիլ», հարց տուած է ան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան իր կարգին ողջունած է Ռոյսի եւ Շիֆի ցուցաբերած խանդավառ աջակցութիւնը` շեշտելով, որ առնուազն 100 միլիոն տոլարի ներդրում մը յատկանշական պիտի ըլլայ երկրին մէջ չքաւորութեան նուազեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար` միաժամանակ սերտացնելով Ամերիկա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները:

«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004-ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է` ի միջի այլոց նաեւ Հայաստանին, որ 2006-ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով 200 միլիոն տոլարի յատկացում մը:

Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ քոնկրեսականներուն հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման մէջ:

Նշենք, որ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդման ծրագիրներուն համար նախապէս Վրաստանին յատկացուած էր 140 միլիոն տոլար օժանդակութիւն մը, որուն արձանագրած յաջողութիւնները կրնան օրինակ հանդիսանալ նման ծրագիր մը Հայաստանի մէջ եւս իրականացնելու շուրջ Հայ դատի ջանքերուն, յատկապէս որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Մարմինը Աշխատանքը Կը Շարունակէ

Յաջորդը

Ժամանակակից Սպառազինութիւն Գնելու Նպատակով Ռուսիա Հայաստանին Կը Տրամադրէ 100 Միլիոն Տոլարի Նոր Վարկ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.