Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Մարմինը Աշխատանքը Կը Շարունակէ

October 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայ համայնքը ժամանակաշրջանէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէ պատրիարքական ընտրութեան, որուն առաջին քայլերը առնուեցան, սակայն պետութենէն ակնկալուող պատասխանի մը չգոյութեան պատճառով յաջորդ քայլերը չեն առնուած, հակառակ անոր որ ընտրութեան օրացոյց մը որոշուած է եւ ընտրական ցանկերու պատրաստութեան հրահանգներ տրուած են:

«Մարմարա» կը յայտնէ, թէ 11 հոկտեմբերի գիշերը, պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին ստորագրութեամբ յղուած է թրքերէն հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը խօսուի ընտրական մարմինին դիմաց ցցուած դժուարութիւններուն մասին եւ կը շեշտուի, թէ աշխատանքը յառաջ կը տարուի եւ թէ պատրիարքական ընտրութիւնը այս կամ այն պատճառով պէտք չէ խափանուի:

Նախաձեռնարկ մարմինը հոն նաեւ կոչ կ՛ուղղէ համայնքային հաստատութիւններու անդամներուն եւ դիտել կու տայ, որ այս դժուարութիւնները յաղթահարելու համար բոլորը պէտք է միասնակամ ըլլան:

Միւս կողմէ, «Ակօս» կը գրէ, թէ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դարձեալ յայտնած է, որ Անգարա կը մերժէ իբրեւ պատրիարքի տեղապահ ճանչնալ Գարեգին արք. Պեքճեանը` աւելցնելով, որ պետութեան այս վերաբերմունքին պատճառը 2016-ին գերմանական թերթի մը հետ Պեքճեանի կատարած հարցազրոյցն է, որուն մէջ ան «ծանր խօսքեր ըսած է Թուրքիոյ եւ Աթաթիւրքի հասցէին»:

Շիրինօղլու նշած է նաեւ, որ իշխանութիւնները իրեն հետեւեալ ուղերձը յղած են. «Պոլսոյ մէջ երկու եպիսկոպոս ունիք` Աթեշեանը եւ Մաշալեանը: Մէկը թող տեղապահ ըլլայ, միւսը` Հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ, թող դիմեն ու 6 ամսուան ընթացքին ընտրութիւնը կ՛ընենք, գործը կ՛աւարտենք»:

Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն անդրադարձած է պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան` նշելով, որ պետութեան անունով հնչած յայտարարութիւնները պատրիարքարանը պաշտօնապէս չէ ստացած: «Ես պետական որեւէ հաստատութենէ այդպիսի բովանդակութեամբ պաշտօնական փաստաթուղթ չեմ ստացած: Եթէ պետութիւնը այդպիսի պահանջներ ունի, ապա կրնայ ուղղակիօրէն մեզի ուղարկել: Մենք մեր ներքին կանոնադրութեամբ յառաջ կ՛ընթանանք եւ որեւէ սխալ քայլ չենք առած», հաստատած է տեղապահը:

 

Նախորդը

Հարիրի Այցելեց Ֆրանչիսկոս Պապին Եւ Զայն Հրաւիրեց Լիբանան

Յաջորդը

Ռոյս Եւ Շիֆ Կը Զօրակցին Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցման Համար 100 Միլիոն Տոլար Ապահովելու Ջանքերուն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.