ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ 223 տարի առաջ, 14 հոկտեմբեր 1794-ին, հիմնադրուեցաւ հայկական առաջին տպագիր պարբերականը` «Ազդարար»-ը:
Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան ծնած էր 1750-ին Շիրազ եւ քահանայ ձեռնադրուած 1770-ական տարիներուն: Սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն. սորված էր նաեւ արհեստներ: 1784-ին ան իբրեւ քահանայ ղրկուեցաւ Մատրաս, ուր 1789-ին տպարան հիմնեց եւ շարք մը գիրքեր հրատարակեց:
Շմաւոնեան հետագային իր տպարանը օժտեց արաբերէն եւ լատիներէն տառերով:
Շմաւոնեանի եւ անոր տպարանին ամէնէն մեծ երախտիքը եղաւ հայ առաջին պարբերականին` «Ազդարար»-ի հրատարակութիւնը, 1794-ին: Շմաւոնեան «Ազդարար»-ը խմբագրեց գրաբար եւ մասամբ ալ հնդկահայ ու Նոր Ջուղայի բարբառներով: Անոր նպատակն էր հաղորդել ընթացիկ ամսուան կարեւոր լուրերը, մանաւանդ` հնդկահայ եւ մատրասահայ կեանքին անցուդարձերուն մասին. կը տպուէին նաեւ կրօնական, բարոյական, խրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, դաստիարակչական, գրական ու պատմական յօդուածներ: Տպագրուած է երկու գործիչներու` «Հայորդի հայ»-ու եւ «Ազգակից»-ի բանավէճը: «Ազդարար» տարածուած էր Հնդկաստանի եւ նաեւ Պոլսոյ, Նոր Նախիջեւանի, Էջմիածինի եւ այլ շրջաններու մէջ:
«Ազդարար»-ի կարգ մը համարներ տպագրուած են պատկերազարդ, կարմրագոյն տառերով:
«Ազդարար» թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփիններէն եւ Պասրայէն: Նիւթեր կը տպագրուէին նաեւ Երեւանէն եւ Շուշիէն: Հաղորդագրութիւններ` Ռուսիայէն, մասնաւորաբար Եկատերինա Բ. ցարուհիին հրամանագիրը` հայերուն համար Գրիգորոպոլիս քաղաքը հիմնելու մասին: Թերթի աշխատակիցներէն էր հրապարակախօս Սէթ Մամեան: Գրական բաժինին մէջ տպագրուած է Յակոբ Սիմոնեան Այուպեանցի «Հէյտար խանի պատմութիւնը»: Յարութիւն քահանայ թարգմանած է նաեւ ամերիկացի մանկագիր Թովմաս Տէյի «Փոքրիկ Ճէքի պատմութիւն»-ը, Էտիսընի «Միրզայի տեսիլքը» եւ Սթիլլի Սանթոն Պարսիսայի պատմութիւնը: Տպագրուած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութեան պարսից»-ը:
«Ազդարար» կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ եւ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ենթահողը պատրաստեց:
«Ազդարար» հրատարակուեցաւ 18 համար, իւրաքանչիւրը` մօտաւորապէս 50 էջ ընդհանուր 956 ծաւալով եւ փակուեցաւ 1796 փետրուարին:
«Ազդարար»-ի փակումէն ետք Շմաւոնեան շարունակեց գիրքերու հրատարակութիւնը:
Շմաւոնեան 1809-ին տպարանը յանձնեց իր աշակերտներուն, եւ անիկա նոր վարչութեան մը հովանաւորութեան տակ անցաւ` յանձին Աղա Սամուէլ Մուրատի եւ Աւետիք Յարութիւն Շերխօսեանի. իսկ 1812-էն սկսեալ տպարանին գործը շարունակեցին Յակոբ եւ Յովսէփ Նազար Շամրեանները, մինչեւ որ 1818-ին տպարանը փակուեցաւ:
Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան այնուհետեւ ինքզինք նուիրեց հնդկահայ գաղութի հասարակական եւ դաստիարակչական կեանքին եւ վախճանեցաւ 1824 յունուար 29-ին (փետրուար 9):
Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ պահպանուած է «Ազդարար»-ի ամբողջական հաւաքածոն:
«Ազդարար»-ի հրատարակութիւնը վերսկսաւ 2007-ին, Կալկաթայի մէջ, հայ եւ հնդիկ խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկահայ աստղագէտ Նորա Անդրէասեանի մեկենասութեամբ. խմբագիր` Մարտիկ Սարգսեան: Հայերէն բաժինը կազմած է Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանի ուսուցչուհի Գրետա Անդրէասեան. անգլերէն բաժինը` Վարդ Անուշ Սահակեան` Ուաշինկթընէն:


