Օրուան մը հանգիստէ ետք, այսօր` ուրբաթ, 13 հոկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը շարունակուին Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի ճակատումները:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս իրեն մրցակից ունի Օլիմփին (Եգիպտոս), մինչ Սաֆաքասի (Թունուզ) կը մրցի Փահիսի (Յորդանան) դէմ:
ՀՄԸՄ-ի կազմին կատարելիք մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Նկատի ունենալով, որ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յարմարութիւն եղաւ մրցումը ուղղակիօրէն պատկերասփռելու, իբրեւ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցումը պիտի կատարուի վերոնշեալ ժամուն:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել իրենց խումբը:


