Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար իրականացուց ծանր հիւանդութեամբ տառապող աղջնակի մը երազը:
8 տարեկան Աննա – Քլարայի մօտ յայտնուած է «Հաթչինսոն-Կիլֆորտ» հազուագիւտ հիւանդութիւնը, որ կը յայտնուի 18 միլիոն մարդոցմէ մէկուն մօտ միայն:
Աղջնակը փափաք յայտնած էր տեսնուիլ Նէյմարին հետ:
Ֆութպոլիստը անոր հետ տեսնուեցաւ Պրազիլ – Չիլի 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումէն առաջ:


