Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արարատ Լերան 11 Տեսարանները» Արժանթինի «Հարաւի Պիենալ»-ին Մէջ

October 13, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ախպար» թերթը անդրադարձած է Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւի պիենալ»-ին, որուն մէջ տեղ գտած են «Արարատ լերան 11 տեսարանները» լուսանկարչական շարքը (Ժիլպեր Հաժ), ինչպէս նաեւ` Սինթիա Զաւէնի գործերը: Յապաւումներով կը ներկայացնենք թերթին յօդուածը:

Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան եւ Միջին Արեւելք յատուկ տաղաւարով մասնակցեցան «Հարաւի պիենալ»-ին (Լատին Ամերիկայի միջազգային ժամանակակից արուեստներու մեծ ցուցահանդէս): Այս մասնակցութիւնը կազմակերպուած էր լիբանանցի ակադեմական եւ գրող Նէյլա Թամրազի կողմէ` «Բանաստեղծութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ տարածութիւնները» խորագիրով: Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 23 սեպտեմբերին, Թոքոմանի մէջ, Արժանթին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2017:

Այնտեղ համախմբուեցան չորս սերունդներու պատկանող արուեստագէտներու գործերը` ընտրուած Թամրազի կողմէ, մեկնելով բանաստեղծական եւ քաղաքական դասերու յարաբերութենէն, որ ունին Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ գտնուող վայրերը եւ բնական տարածքները: «Քաղաքագէտին եւ բանաստեղծին միջեւ յարաբերութիւնը հին է», կ՛ըսէ Թամրազը` ակնարկելով Արիստոտէլին ունեցած սերտ յարաբերութեան բազմաթիւ դարեր առաջ: Վայրերու գաղափարը կը միանայ լայն տարածքի գաղափարին (քաղաքական իմաստով), որ կը ներկայացուի «Հարաւի պիենալ»-ի առաջին ձեռնարկին ընթացքին` «Տիեզերական հարաւը» խորագիրով: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ 16 երկիրներ եւ կը նպատակադրէ Հարաւային Ամերիկայի արուեստները  հասանելի դարձնել աշխարհին` կոչ ուղղելով աշխուժացնելու երկխօսութիւնը ցամաքամասին եւ աշխարհին միջեւ, արուեստներու միջոցով: Ձեռնարկները կ՛անցնին ովկիանոսներու եւ ցամաքամասերու սահմանները` հասնելով Ափրիկէ, Ասիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, որոնք տարբեր մշակութային եւ արուեստի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն այս պիենալին զուգահեռ:

Կազմակերպիչներուն նպատակն է սահմանները անցնիլ: Կայ քաղաքական դիրքորոշում ամէն ինչի նկատմամբ, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ աշխարհին մէջ, ուր պատերը եւ քաղաքական ու զինուորական խոչընդոտները կը բազմանան: Իր ակադեմական, գրական եւ ցուցահանդէսներու թեքնիք կազմակերպութեան փորձառութեան ծիրէն ներս, վայրերու եւ տարածքներու թեման նեգրաւած է նաեւ Նէյլա Թամրազը: Այսպիսով, ան ընտրեց տարբեր ենթահողերէ եւ սերունդներէ արուեստագէտներ, ինչպէս` Սալիպա Տուէյհի (1915), Իթըլ Ատնան (1925), պաղեստինցի Սապա Ինապ (1980), լիբանանցի Տանիէլ Ժանատրի (1980), Սինթիա Զաւէն (1970), Ժիլպեր Հաժ, որ կը ներկայացնէ «Արարատ լերան 11 տեսարանները»(2009):

Գործերու ընդմէջէն պիտի շօշափենք կարեւորութիւնը վայրին, որ տակաւին կը հետաքրքրէ լիբանանցի եւ արաբ արուեստագէտները, ինչ որ ծնունդ առած է արուեստի ռահվիրաներու առաջին յարաբերութիւնէն` իրենց գիւղական շրջապատին հետ: Ժամանակակից արուեստագէտներուն համար աւելի բարդ կ՛ըլլայ աշխատիլ վայրերուն հետ, որովհետեւ անոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկեն այս աշխատանքը` նկատի առնելով քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան այժմ Միջին Արեւելքի մէջ:

Համագործակցութեամբ լիբանանեան ցուցասրահներու, այս ցուցահանդէսը մեզի գաղափար մը կու տայ վայրին մասին` իբրեւ եզր, որ ունի բազմաթիւ նշանակութիւններ. սփիւռքի վայրեր, քաղաքական վայրեր, յիշողութեան վայրեր, գաղթի վայրեր, եւ վայրեր` իրենց վերացական եւ համապարփակ իմաստով:

Ժիլպեր Հաժ

Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ Արարատ լերան նկարներու շարք մը` Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ: Տեսարան մը, որ կրկնուած է Պուրճ Համուտի սփիւռքահայերու տուներու մէջ, եւ ատիկա մղեց լիբանանցի նկարիչ Ժիլպեր Հաժը (1966)` աշխատելու «Արարատ լերան 11 տեսարաններու» նկարչական շարքին վրայ: Պէտք չկար այցելելու լեռը, որովհետեւ մարդիկ ատիկա իրենց տունը բերած էին: Հաժի ոսպնեակը կը հաւաքէ Արարատ լերան լուսանկարները եւ լերան տարբեր դրսեւորումները` մտերմիկ տարածութիւններու մէջ: Լուսանկարներ կը խառնուին տուներու կահ-կառասիներուն հետ, եւ պատերուն վրայ կախուած են նաեւ տան բնակիչներու նկարները: Այս բոլորը մեզ կը յանգեցնեն հայկական սփիռքի միացեալ եւ անձնական յիշողութեան, որ կը խորհրդանշէ երկիրը Արարատ լեռով: Իսկ Ժիլպերի չէզոք տարբերակը` լուսանկարելու համար լերան նկարները, այլ ոչ թէ` լեռը, կը նշանակէ պահպանումը հեռաւորութեան, որ մարդիկը կը բաժնէ իրենց երկրէն:

Սինթիա Զաւէն

Սինթիա Զաւէն (1970) կը փորձարկէ ձայնի տարածական չափը «Ձայն եւ անտառ» տեսերիզին մէջ (2016 թ.): Ձայնին եւ անոր շրջապատող տարածութեան միջեւ յարաբերութիւնը պահուած  եւ երեւելի կապն է, որ լիբանանցի ժամանակակից արուեստագէտը եւ երաժիշտը կը յայտնաբերէ իր գործին մէջ: Եւ ասիկա հեռու չէ Զաւէնի ուղղութենէն, որ ձայնը կ՛օգտագործէ իբրեւ հիմնական տարր իր արուեւստի գործերուն եւ միջոցներուն մէջ` տեսերիզ, նկարչութիւն, տեղադրում: «Ձայն եւ անտառ» տեսերիզին մէջ 8-ամեայ աղջնակը` Ալեքսանտրա կը քալէ անտառին մէջ, երգելով, ձայնը բարձրացնելով եւ ցածցնելով եւ օգտագործելով միայն մէկ երաժշտական նոթա: Լռութիւնը եւ ձայնը, անոր ներկայութիւնը եւ բացակայութիւնը, վերամտածել կու տան ձայնին եւ անոր ներգրաւուածութեան մասին` այս բնական վայրին մէջ: Զաւէն կ՛օգտագործէ տեսողական եւ ձայնային խաղեր, ուր կը թուի, որ աղջկան շարժումը եւ բերանը դուրս կը հանեն արձագանգը, եւ ոչ իսկական ձայնը:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Պալուչիները Եւ Պալուչական Ազգային-Ազատագրական Պայքարը

Յաջորդը

«Պի.Պի.Սի.» Հայկական Հիւրասիրութեան Մասին

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.