ՀՄԸՄ Ներկայացուց Տղոց Ա. Դասակարգի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան 2017-2018 Տարեշրջանի Իր Կազմը

PROFOTO՝
Երէկ` ուրբաթ, 6 հոկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ ներկայացուց տղոց Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին մասնակցող իր կազմը:
Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներէն Քրիստ Լիպարեան յայտնեց.
«1918-ին հիմնուած ՀՄԸՄ-ը, որ կը գտնուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակին սեմին, իր ամէն կարելին կ՛ընէ առողջ սերունդներ պատրաստելու համար:
«ՀՄԸՄ-ը միայն պասքեթպոլ չէ, այլ նաեւ փինկ փոնկ, հեծելարշաւ, աթլեթիզմ, ֆութպոլ, ֆութսալ եւ անշուշտ շարքը տակաւին կարելի է երկարել:
«Ինչ կը վերաբերի պասքեթպոլի մարզին, ՀՄԸՄ վերջին քանի մը տարիներուն բառին բուն իմաստով դարձած է լիբանանեան կազմերուն պատուհասը:
«Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս մեր գլխաւոր եւ առաջնահերթ նպատակն է նուաճել ախոյեանութեան տիտղոսը»:
Յանձնախումբին անդամներէն Մինաս Միսիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուելնուն համար, նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ հովանաւորներուն.
«Էս. Ճէ. Պէ. Էլ.» դրամատուն, «Թաչ», «Սայֆքօ Հոլտինկ», «Պըրկըր Քինկ», «Եու. Էֆ. Էյ.» ապահովագրական ընկերութիւն, «Մալափքօ» եւ Պսալիմի քաղաքապետութիւն:
Ան ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնալ բոլոր անոնք, որոնք ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին կը գնեն պատուոյ թրիպիւնի աթոռները եւ դաշտին մէջ իրենց ծանուցումները կը զետեղեն:
Ապա, յանձնախումբին անդամներէն Շանթ Էթիեմեզեան հերթաբար սրահ հրաւիրեց խումբին մարզիչներու յանձնախումբը` հետեւեալ շարքով.
Գօգօ Մեսչեան (թեքնիք պատասխանատու), Աւօ Պոյներեան (օգնական պատասխանատու), Ճօ Մուժահեզ (մարզիչ), Վլատան Կլավինիչ (օգնական մարզիչ), Սագօ Սվաճեան (օգնական մարզիչ), Ամիր Իտ (մարզանքի մարզիչ), Ռազմիկ Պէօճեքեան (բժիշկ), Յարութ Թիքիճեան (վիճակագրութիւն) եւ Բեկլար Արապեան (լոճիսթիքս):
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան եւ ըսաւ.
«Այսօր այստեղ համախմբուած ենք տեսնելու համար զօրաւոր ՀՄԸՄ-ը, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, պիտի պայքարի եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տալու մեծ նուէր մը` տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը:
«Երկու տարեշրջան առաջ հասանք «ֆայնըլ-ֆոր», նախորդ տարեշրջանին` աւարտական հանգրուան, իսկ 2017-2018 տարեշրջանին պիտի դառնանք Լիբանանի ախոյեան:
«Բոլորս միասնաբար կ՛աշխատինք ի շահ այս մեծ միութեան, որ աշխարհի տարածքին 2018-ին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:
«Բոլորիս ճիգերով ու աշխատանքով պիտի կերտենք փայլուն յաղթանակներ եւ բարձր պիտի պահենք մեր միութեան անունը:
«Շնորհակալութեան յատուկ խօսք մեր հովանաւոր բոլոր ընկերութիւններուն, համակիրներուն, որոնք միշտ կ՛ըլլան մեր կողքին»:
Ապա, ան յաջորդաբար սրահ հրաւիրեց խումբին մարզիկները` հետեւեալ շարքով.
Փաուլօ Պետիկեան, Վարանդ Գելեճեան, Հայկ Խաչերեան, Հայկ Կէօքճեան, Սեւակ Քեթենճեան (խմբապետ), Քարամ Մըշրեֆ, Քարիմ Զէյնուն, Էլի Շամուն, Իսմայիլ Ահմետ, Ուոլթըր Հոճ, Մաքրամ Պըն Ռամատան եւ Մարք Ապի Խըրըս:
Յայտնենք, որ մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ ետք, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ Սեմ Եանկ, որ աւելի ուշ միացաւ ՀՄԸՄ-ի իր խմբակիցներուն:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին եւ ՀՄԸՄ-ին յաջողութիւն մաղթեցին «Էս. Ճէ. Պէ. Էլ.»-ի, «Պըրկըր Քինկ»-ի եւ «Մալափքօ»-ի ներկայացուցիչները:




