Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Թրամփին Եւ Մաքրոնին

October 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ խստիւ դատապարտեց Լաս Վեկասի ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն պատճառով հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի ամերիկացիներուն եւ կը հաստատէ, որ ամէն իմաստով պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը, ի՛նչ ձեւի կամ ո՛ւր որ ալ ըլլայ այդ ահաբեկչութիւնը:

Նախագահ Աուն ցաւակցական հեռագիր մը յղեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ան ցաւակցութիւն յայտնեց Մարսէյի մէջ արձանագրուած զոհերուն համար` ընդգծելով լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցութիւնը ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի Ֆրանսայի` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին, ինչպէս նաեւ մտքի, գիտութեան եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մշակոյթը քաջալերելու առումով:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի մէջ  Քաչիայի ութամեայ դերակատարութիւնը, յատկապէս Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:

Նախագահ Աուն Քաչիան պարգեւատրեց Մայրիներու Մեծ սպայի աստիճանի շքանշանով:

Իր կարգին, Քաչիա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր նախաձեռնութեան համար եւ մաղթեց, որ Լիբանան յաւելեալ բարգաւաճում եւ զարգացում արձանագրէ նախագահ Աունի օրով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ լիբանանցի վաստակաւոր երգչուհի Մաժիտա Ռումի:

 

 

Նախորդը

Տնտեսական Խորհուրդները Կը Ներկայացնեն Իրենց Դիտողութիւնները, Իսկ Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Պիտի Հրաւիրէ Նիստի

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Միւֆթի Շաարի Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.