ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան վերադառնալը ներկայիս առկայ չէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին բոլոր ընտրանքներուն, ըստ որոնց աշխատավարձի յաւելումները կը ֆինանսաւորուին պետութեան ճիգերով եւ ոչ թէ քաղաքացիին քսակէն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ Իրաք կարիքը ունի նախագահ Ֆուատ Մաասումի նման անձնաւորութիւններու` շարունակելու համար երկխօսութիւնը, «հետեւաբար Մաասումի հրաժարականը պահանջող կոչերը ծայրայեղութեան եւ տգիտութեանւ կոչեր են», շեշտեց Ժոմպլաթ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ սէուտական դերակատարութիւնը համախոհական է եւ եղբայրական:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար. «Չկայ երկիր մը առանց պետական ամավարկի, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները պէտք է ընդունիլ, ինչպէս որ ալ ըլլան անոնք»:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, թէ մագնիսական ընտրաքարտը արդէն անկարելի է, որ իրականանայ, իսկ կենսաչափական անձնաթուղթերու կարելիութիւնը բաւական դժուար է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ այսօր եւ գործնական քայլերու վրայ հիմնուելով կ՛աշխատին ՏԱՀԵՇ-ի կեանքը երկարել, որպէսզի անիկա չպարտուի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը պիտի արգիլէ շէյխ Ահմետ Ասիրը պաշտպանող որեւէ ցոյց, որ կրնայ վերածուիլ խուլիկանութեան եւ ապահովական կայունութիւնը խախտող աքթի:
«ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-ի համաձայն, լիբանանցի ղեկավարներուն Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնները կը միտին խորհրդակցիլ սէուտական իշխանութիւններուն հետ` նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ Հըզպալլայի հետ հաւասարակշռութիւնը պիտի վերահաստատէ` իր կողքին ունենալով Հըզպալլայի դէմ նկատուող քաղաքական ուժերը:


