
Իրաքի խորհրդարանը առկախեց Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէին զօրակցող քիւրտ երեսփոխաններուն անդամակցութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշեց դադրեցնել Քրտական մարզին հետ ելեւմտական գործառնութիւնները:
Խորհրդարանը իրաքեան կառավարութենէն պահանջեց գործադրել հանրաքուէին դէմ միջոցառումներ բովանդակող իր որոշումները:
Խորհրդարանի նախագահութիւնը նաեւ օրէնքի եւ անդամներու հարցերով յանձնախումբերէն պահանջեց խորհրդարանին ներկայացնել անունները անոնց, որոնք մասնակցած են հանրաքուէին, եւ քիւրտ երեսփոխաններուն արգիլեց մուտք գործել խորհրդարանի դահլիճ, մինչեւ որ դաշնակցային դատարանը հանրաքուէին մասնակցած երեսփոխաններուն վերաբերեալ իր վճիռը յայտնէ խորհրդարանին:
Միւս կողմէ, երէկ մահացաւ Իրաքի առաջին քիւրտ նախագահ Ժալալ Թալապանին: Ան Քրտական ազգային միութեան կուսակցութեան հիմնադիրն էր եւ ընդհանուր քարտուղարը:


