ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Ալի Հուժէյրին (ծանօթ` Ապու Աժինէ կեղծանունով) ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցելու, Արսալի մէջ 2012, 2013 եւ 2014 թուականներուն լիբանանեան բանակին դէմ կռուելու, ՏԱՀԵՇ-ին զէնք ու զինամթերք ապահովելու, քաղաքայիններ առեւանգելու եւ զանոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յանձնելու, ապա զանոնք փրկագինի փոխարէն ազատ արձակելու յանցանքներով:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ ո՛չ կառավարութիւնը, ո՛չ ալ երեսփոխանական ընտրութիւնները վտանգի ենթակայ են: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հետ հարցեր չարծարծելը բոլորին շահերուն կը ծառայէ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ կարեւորը աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրներուն ապահովումն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ եթէ երկրին մէջ տիրող փտածութեան եւ մսխումին դիմադրելու առումով յստակ նպատակներ չըլլան, ապա Լիբանան կրնայ փուլ գալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ ճակատամարտը գրեթէ աւարտելու սեմին կը գտնուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ առաջարկուածը Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը չէ, այլ` անոր հետ գործակցութիւնը, տեղահանուածներուն տագնապը լուծելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուելու հունին մէջ կը գտնուին` աւելցնելով, որ կ՛ակնկալուի այս իմաստով շօշափելի յառաջդիմութիւն մը արձանագրել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցութեան դէմ հանդիսանալու կեցուածքը լիբանանցիներուն պարտադրուած սէուտական կարգախօս է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա մաղթեց, որ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէրները Լիբանանի շահերուն ծառայեն եւ ոչ թէ Լիբանանի հաշուոյն ըլլան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդդիմացող բոլոր արգելքներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն կենսունակութիւնը պահպանել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ ըսաւ. «Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նպատակն է վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի իրաւասութիւնները իւրացնել, ապա ան չարաչար կը սխալի»:
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախկին նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ քաղաքացիներուն վրայ պետութեան պարտադրելիք տուրքերը աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու նպատակով չեն, այլ` պետական գանձարկղի նիւթական բացը գոցելու:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պէտք է ֆինանսաւորուին մսխումը սեղմելով եւ պետութեան կատարուելիք մուծումները կանոնաւորելով:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի շահերուն կը ծառայէ, որ զօր. Միշել Աուն մնայ հանրապետութեան նախագահ եւ ոչ թէ հակառակը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը կիրակի երեկոյեան թռիչքներ կատարեց Իքլիմ Խարրուպի վերեւ` խզելով ձայնի պատը եւ սարսափ պատճառելով բնակչութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ արդարութիւնը պէտք է անկողմնակալ ըլլայ, որպէսզի քաղաքական ոչ մէկ ուժ անիրաւուած զգայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի ճակատագիրը վերացումն է, եւ այդ վերացումին հետ պիտի շոգիանան նաեւ ամերիկեան դաւադրական ծրագիրները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր նշեց, որ ինք կը կասկածի երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու իմաստով:


