ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները եւ Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի բարձրաստիճան ղեկավարները տեսակցութիւն ունեցան սեպտեմբեր 5-ին եւ համաձայնեցան իրենց հետագայ յարաբերութիւնները բարւոք հիմքերու վրայ դնել:
Աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին սա առաջին հանդիպումն էր երկու խումբերու միջեւ` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման Ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնի պաստառի տեղադրման համար ծանուցումի վճարովի տարածք տրամադրելու «Ամերիքանա»-ի մերժողական կեցուածքին: Վերոյիշեալ ժապաւէնի արտադրողներուն «Ամերիքանա» ըսած էր, որ թեման «խիստ քաղաքականացուած» է: Սա տարակուսանք եւ զայրոյթ յառաջացուցած էր, քանի որ «Ամերիքանա» ո՛չ ժապաւէնը դիտած էր, ո՛չ ալ` ծանուցումի պաստառի գրութիւնը կարդացած, այլ պարզապէս մերժած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըլլալուն պատճառով:
Ծանուցման պաստառի մերժման իրական պատճառը պարզաբանելու նպատակով «Ամերիքանա»-ի պաշտօնեաներուն հետ տեսակցելու համար քանի մը դիմումներէ ետք, նոյն այդ պաշտօնեաները աւելի անյողդողդ դարձան իրենց մերժման մէջ: Վաւերագրողներուն ուղղուած ելեկտրոնային նամակներէն մէկուն մէջ ամէնէն բիրտ նախադասութիւնը այն էր, որ «Ամերիքանա» այս հակասութեան առիթով մեկնաբանութիւններ ստացած էր «հայկական համայնքէն եւ Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն»: Այս խիստ վիրաւորական յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգներուն ձայնը կը հաւասարեցնէր բռնատիրական, ժխտողական վարչակարգը ներկայացնող թուրք դիւանագէտի ձայնին, որուն նախնիները իրականացուցած էին Ցեղասպանութիւնը…
Իրավիճակը աւելի մտահոգիչ էր, քանի որ առաջին անգամը չէր, որ «Ամերիքանա» կը մերժէր Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հարցը: Երեք տարի առաջ «Ամերիքանա»-ի պաշտօնեաները մերժած էին երեք հայ երիտասարդներ, որոնք կրպակ մը վարձած էին «Ամերիքանա»-էն` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող թեմաներով շապիկներ վաճառելու համար: Տեղւոյն հայ համայնքի բարձրացուցած աղմուկէն ետք «Ամերիքանա» վերատեսութեան ենթարկեց իր որոշումը` թոյլատրելով շապիկներու վաճառքը: Անոնք իրենց սկզբնական որոշումը անուանեցին «թիւրիմացութիւն»:
Անցեալ ամիս նման ընթացքով մը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղին կողմէ մամլոյ ասուլիս կազմակերպելէ քիչ առաջ, երբ պէտք էր պոյքոթ յայտարարուէր «Ամերիքանա»-ի դէմ, առեւտուրի կեդրոնի պաշտօնեաները վերատեսութեան ենթարկեցին իրենց որոշումը եւ ոչ միայն թոյլատրեցին վաւերագրական ժապաւէնի գովազդային պաստառը, այլեւ ատիկա ըրին` «ժապաւէնի արտադրիչներուն համար անվճար»:
Սա առաջին դրական քայլն էր: «Ամերիքանա»-ի սեփականատէր Ռիք Քարուզօ համաձայնեցաւ հանդիպիլ Հայ դատի յանձնախումբին հետ` քննարկելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարելաւել յարաբերութիւնները տեղական համայնքի եւ առեւտուրի կեդրոնին միջեւ:
Սեպտեմբերի 5-ի տեսակցութեան Քարուզօ ներկայ էր` «Ամերիքանա»-ի գործառնութիւններու գծով գործադիր փոխնախագահ Ճեքի Լեւիի, հաղորդակցութեան փոխնախագահ Նենսի Միւրէի, հանրային կապերու աւագ փոխնախագահ Ռիք Լեմոյի եւ ծրագրաւորման, կառավարման եւ համայնքային կապերու գծով փոխնախագահ Շերոն Քէյսըրի հետ: Հայկական պատուիրակութեան կազմի մէջ էին` Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի նախագահ Արթին Մանուկեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի վարչութեան անդամ Պերճ Կարապետեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի խորհրդատուական վարչութեան անդամ Յարութ Սասունեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի նախկին գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի համայնքի հանրային կապերու տնօրէն Մարգարիտա Բաղդասարեան:
Սեպտեմբեր 5-ի հանդիպումը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Քարուզօ համաձայնեցաւ յստակ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի «Ամերիքանա» բարելաւէ իր յարաբերութիւնները տեղւոյն հայ համայնքին հետ: «Ամերիքանա» խոստացաւ ստեղծել յատուկ համայնքային կապերու խումբ` բացառապէս հայերու հետ իր գործընկերութեան վրայ կեդրոնանալու համար:
«Մենք ուրախ ենք, որ Քարուզօ համաձայնած է աշխատիլ նախաձեռնութիւններու վրայ` ամերիկահայ համայնքի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ մեր վստահութիւնը վերականգնելու համար», ըսաւ Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի նախագահ Մանուկեան:
Իր հերթին, «Ամերիքանա»-ի գործառնութիւններու գծով գործադիր փոխնախագահ Ճեքի Լեւի յայտարարեց. «Մենք կը գնահատենք այս շատ արդիւնաւէտ հանդիպումը Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ եւ կ՛ակնկալենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները` շարունակելով մեր խոր երախտագիտութիւնը յայտնել հայ համայնքին: Համայնքային կապերու այս նոր խումբի ստեղծումը պիտի նպաստէ, որ մեր գործընկերութիւնը շարունակուի շատ իմաստալից ձեւով»:
Այսպիսով, «Ամերիքանա»-ի եւ Կլենտէյլի հայ համայնքի միջեւ առկայ երկարատեւ վիճայարոյց յարաբերութիւնները կարգաւորման ընթացքի մէջ են: «Ամերիքանա»-ի սեփականատէր Քարուզօ իր ելոյթին մէջ շատ սիրալիր էր եւ շատ դրական արտայայտուեցաւ հայերու մասին: Յառաջիկայ ամիսներուն երկու կողմերու միջեւ պիտի իրականացուին աւելի ջերմ շփումներ` երկուստեք համագործակցութեան ամրապնդման ծրագրեր մշակելու նպատակով, որպէսզի վիճելի հարցերը լուծուին բարեկամական քննարկումներու միջոցով` ցոյցերու եւ պոյքոթներու դիմելու փոխարէն:
Աւելի քան երկու տասնեակ հայեր եւ օտարներ յայտնուեցան Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի նիստին` բողոքելու համար «Ամերիքանա»-ի կողմէ գովազդային պաստառի մերժման սկզբնական որոշման դէմ: Ի պատիւ իրենց` Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի բոլոր հինգ անդամները, քաղաքապետ Վարդան Ղարպետեանի գլխաւորութեամբ, պաշտպանեցին համայնքին պահանջները եւ «Ամերիքանա»-ի մէջ ներկայ եղան Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսին: Հայ համայնքի առաջարկներուն զօրակցեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, որ մեծ դեր խաղաց հակասութիւններու լուծման համար եւ ներկայ եղաւ Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսին:
Այս վիճայարոյց հարցին լուծումը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր են համայնքի մասնակցութիւնն ու աշխուժութիւնը ամերիկահայերու վերաբերող խնդիրներու մէջ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Սեդա Գրիգորեան


