Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Իրաքի Քաղաքական Համաձայնութիւնները Պէտք Է Տարածուին Տնտեսական Բնագաւառին Վրայ Եւս

September 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ընթացք առած է   տնտեսական, առեւտրական, գիտական եւ  թեքնիք համագործակցութեան հարցերով Հայ-իրաքեան միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի չորրորդ նիստը: Սեպտեմբեր 25-ին եւ 26-ին յանձնախումբը կը քննարկէ հայ-իրաքեան համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր: Իրաքի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տարբեր բնագաւառներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք  պատրաստակամ են քննարկելու առկայ համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցեր: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Իրաքի  գիւղատնտեսութեան նախարար, իրաքեան կողմի համանախագահ Ֆալահ Հասան Զիտան Լուհայիպին:

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Հայ-իրաքեան յանձնախումբի հայկական կողմի համանախագահ Դաւիթ Լոքեան իրաքեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին վստահութիւն յայտնած է, որ յանձնախումբի երկօրեայ աշխատանքին արդիւնքները հիմք պիտի հանդիսանան համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ նախանշելու եւ համագործակցութիւնը  նոր մակարդակի բարձրացնելու: «Հայաստանն ու Իրաքը ունին բաւական լուրջ քաղաքական համաձայնութիւններու դաշտ, զոր պէտք է տեղափոխել  տնտեսական ոլորտ: Մենք ունինք   բազմակողմ համագործակցութեան մեծ ներուժ, մեր երկու երկիրներու կառավարութիւնները մեզի վստահած են այս համագործակցութիւնը աշխուժացնելու գործընթացը,  եւ մենք պէտք է արդիւնաւէտ աշխատանք տանինք` առկայ համագործակցութիւնը զարգացնելու», հաստատած է Դաւիթ Լոքեան: Նախարարը ներկայացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան մակարդակը եւ  առանձնացուցած  գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ուժանիւթի բնագաւառները, ուր կարելի է աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւն ծաւալել:

Նախարար Ֆալահ Հասան Զիտան Լուհայիպի դիտել տուած է, որ հայ-իրաքեան յարաբերութիւնները  բաւական լուրջ յառաջընթաց ապրած են նախորդ  տարիներուն եւ զանոնք աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու տուեալները կան: «Մեր  հիմնական նպատակն է  չէզոքացնել այն խնդիրները, որոնք կրնան խոչընդոտել երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ իրաքեան կողմը համագործակցութեան ներուժ կը տեսնէ շինարարութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ նաւթային  բնագաւառներուն մէջ: Ան փափաք յայտնած է, որ Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութիւնը աշխուժանայ, եւ թռիչքներուն թիւը աւելնայ: Լոքեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստան շարք մը երկիրներու համար  որդեգրած է  մուտքի վիզայի տրամադրման կարգը դիւրացնելու սկզբունքը եւ նշած է, որ յանձնախումբը պիտի անդրադառնայ նաեւ այս հարցին:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Օլկա Վասիլեւա Հայաստան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով Սահմանուած Է Նոր Կառավարութեան Կառուցուածքը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.