Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման Առիթով Ընդունելութիւն` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Հրաւէրով

Սեպտեմբեր 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման առիթով շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2017-ին «Քեմփինսքի սամըրլենտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան տոքթ. Պասեմ Շապ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ դեսպան Միլատ Ռաատ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Լապիպ Աշութի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Իզաթ Խաթիպ, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, երեսփոխաններ, դեսպաններ, պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, ապա նշեց, որ մինչ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը նշեն անկախութան տարեդարձը, Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութիւնները կը նշեն երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, որ կը դրսեւորուի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական բնագաւառներու փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ ներկայիս Հայաստան կ՛երթայ դէպի նշանակալից քաղաքական փոխակերպում` նախագահական հանրապետութենէն անցում դէպի խորհրդարանական հանրապետութիւն: Դեսպանը նշեց նաեւ, որ այս նոր իրականութիւնը կը պահանջէ փոփոխութիւններ գոյութիւն ունեցող օրէնսդրութեան, չափորոշիչներու եւ հաստատութիւններու մէջ: Քաղաքական համակարգի վերակառուցման առաջնային նպատակը զայն աւելի համապարփակ ու մասնակցային դարձնելն է, ինչպէս նաեւ ամրապնդել պատասխանատուութիւնը իշխանութեան տարբեր ճիւղերուն միջեւ: «Ի վերջոյ այս բոլորը դիւրաւարտ յանձնարարութիւններ չեն, բայց իբրեւ առաջնորդ ունինք կամքն ու տեսլականը», ըսաւ ան:

Դեսպանը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը անխոնջ աշխատանք կը տանի բարելաւելու գործարար միջավայրը` պարզացնելով տուրքերը եւ մաքսային ընթացակարգերը: Ան յայտնեց նաեւ, որ արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ Հայաստան հաւատարմօրէն պիտի շարունակէ իր ռազմավարական եւ դաշնակցային փոխադարձ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ` նոյն ատեն կառուցելով վստահելի գործընկերութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ: Ան ըսաւ, որ Հայաստան շուտով պիտի ստորագրէ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ` բարձրացնելով համագործակցութիւնը նոր մակարդակի: Դեսպանը ըսաւ. «Միջին Արեւելքի յեղաշրջումները եւ անոնց ծանր ազդեցութիւնը հայ հասարակութեան ճակատագիրին վրայ կը մնան մեր կեդրոնական մտահոգութիւնը: Պատրաստ ենք միջազգային հասարակութեան հետ կատարելու այն, ինչ որ անհրաժեշտ է  տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու»:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ մարտ 2017-ին նշուած է 25-ամեակը Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատման: Այդ տարիները յատկանշուած են խորիմաստ եւ վերանորոգ յարաբերութեամբ` երկու պետութիւններուն միջեւ: Ան ըսաւ, որ քայլեր ձեռնարկուած են տեղական եւ անհատական կապեր հաստատելու, ընդարձակելու համագործակցութեան շրջանակը զինուորական, գիւղատնտեսական, դատական, տեղեկատուական եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ:

Խօսքի աւարտին ան գնահատեց լիբանանեան բանակին բարձր արհեստավարժութիւնն ու նուիրուածութիւնը եւ ըսաւ. «Կը սգանք Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած զինուորներուն մահը: Միշտ եւ բոլոր պարագաներուն պատրաստ ենք աջակցութեան ձեռք երկարելու»:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն` «Էյր Արմինիա» ընկերութեան, «Ալիանզ Էս. Էն. Էյ.»-ին, Ֆաթթուշ եղբայրներուն, «Շաթօ Քսարա»-ին, «Լուտըրզ»-ին եւ «Մայրիկ» ճաշարանին:

Աւարտին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատուոյ հիւրերուն հետ միասնաբար հատեց անկախութեան վերականգնման 26-ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը:

 

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5. Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն

Յաջորդը

Ողջո՛յն Հայ Դպրոցին Ու Բարի՛ Երթ Ազգ. Միացեալ Վարժարանին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?