Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան. «Նախարար Նալբանդեան Համանախագահներուն Առաջարկներուն 2 Նոր Պահանջ Աւելցուցած Է»

September 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի համար անհասկնալի է Արցախի  տագնապի լուծման  վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան շուրջ ստեղծուած իրարանցումը:

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցներէն մէկը Շաւարշ Քոչարեանին հարցուցած է, թէ նախարար Նալբանդեան խօսած է ո՛ր տարածքներուն մասին, որոնք սպառնալիք չեն Արցախի համար:

«Նախարարը ներկայացուցած է այն, որ բազմիցս հրապարակուած է: Այսինքն` 3 համանախագահող երկիրներուն յայտարարութիւնները, ուր բացայայտուած են միջնորդներուն կողմէ առաջարկուող կարգաւորման տարրերը: Մինչ այդ յիշատակելով ապրիլեան պատերազմը` երկու բան նշած է. այն, ինչ որ կը վերաբերի միջանցքին, որ մենք առանց այդ ալ գիտէինք, որ ատիկա կայ, նշուած է` այդ միջանցքը պէտք է այնպիսին ըլլայ, որ անվտանգ եւ յուսալի ըլլայ, որ որեւէ  զէնքի համար հասանելի չըլլայ: Երկրորդ` եթէ խօսքը կը վերաբերի տարածքներուն, ապա պէտք է անպայման ապահովուի այն պայմանը, որ ատիկա չի վտանգեր Արցախի բազմաշերտ անվտանգութիւնը: Այսինքն`  այն, որ երէկ ըսուած է, ընդամէնը նշաձողը բարձրացուած է, եղածին վրայ դրուած է նոր երկու պահանջ, ընդամէնը», բացատրած է Շաւարշ Քոչարեան:

Քոչարեան հաստատած է. «Ոչ ոք ոչ ոքի ոչ մէկ տարածք կու տայ: Այն փաթեթը, զոր մեզի ներկայացուցած էին միջնորդները, անոր երկու տարրերուն նկատմամբ նախարարը բարձրացուցած է պահանջները: Չես հասկնար` ինչո՞ւ ատիկա այդպիսի իրարանցում յառաջացուցած է: Աւելի՛ն, խօսքը կը վերաբերի փաթեթին: Յիշենք նաեւ այն հանգամանքը, որ այսօր մենք կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, երբ եղած են Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններ, եւ այդ համաձայնութիւններուն էութիւնը հետեւեալն է` ընդհանրապէս բանակցային հոլովոյթին մէջ կարելի չէ ըլլայ յառաջընթաց, եթէ չկայ վստահութիւն կողմերուն միջեւ: Այսինքն` եթէ կը կրակեն, կը սադրեն, չկան հետաքննութեան մեքանիզմներ եւ այլն: Աւելի՛ն, ինչ որ նաեւ երէկ ըսաւ նախարարը` յառաջընթաց չի կրնար արձանագրուիլ առանց Արցախի մասնակցութեան: Ա՛յս էր ըսուածը»,  եզրափակած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:

 

 

Նախորդը

«Պիտի Շարունակեմ Պայքարիլ, Որպէսզի Թուրքիան Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կարօ Փայլան

Յաջորդը

Բաբայեան. «Աւելի Ճիշդ Պիտի Ըլլար Խօսիլ Ոչ Թէ Տարածքներուն, Այլ Սահմաններուն Մասին»

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.