Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Շարունակեմ Պայքարիլ, Որպէսզի Թուրքիան Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կարօ Փայլան

September 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ծիրին մէջ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիւթով քննարկման ընթացքին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հաստատած է, որ առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու` Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի դառնար, ո՛չ ալ քրտական հարցը լուծում կը ստանայ:  Անոր համաձայն, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ առանց առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ:

«Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք առաւե՛լ լայն տեսլական, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ  բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու յաւելեալ տասնեակ տարիներ: Թուրքիան ներկայիս կրկին կ՛ապրի մութ ժամանակաշրջան: Ան վերադարձած է այն ժամանակաշրջանին, երբ խորհրդարանին մէջ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը յանցանք կը նկատուի: 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր, եւ անիկա կը  շարունակուի այսօր, քանի որ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր ոճիր կ՛առաջնորդէ նոր ոճիրի: Ինչպէս 100 տարի առաջ Արեւմուտքը իր աչքերը փակեց Ցեղասպանութեան ի տես, ներկայիս ալ նոյնը կ՛ընէ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար», ըսած է հայ երեսփոխանը:

Կարօ Փայլանի համաձայն, Թուրքիան այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՛ապրի նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ` հեռացում ժողովրդավարութենէն. «Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ մը տեղի ունեցած է: 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը. ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, որ եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր Սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի ետք ալ կը շարունակէ ոճիր գործել», ըսած է Փայլան:

Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Մուշի, Համշէնի մէջ հարիւրաւոր հայեր կան: «Թուրքիոյ հայերը, դժբախտաբար, դարձեալ վախի մէջ են, դարձեալ անձայն մնացած են: Լուռ մնալը, սակայն, դեռ ապահովութեան երաշխիք չէ: Անձայն մնալ չի նշանակեր հանգիստ ըլլալ, չես կրնար հանգիստ ըլլալ ազգայնամոլներուն մէջ: Ատոր համար ալ, եթէ ազգայնականները վրադ յարձակին, պէտք է պատասխանես: Եթէ անձայն մնաս, ազգայնականները աւելի եւս կը յարձակին վրադ», ըսած է ան:

Կարօ Փայլան ըսած է, որ Հայաստան եկած է իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումը: «Ազգայնականները ուժ ունին, բայց եթէ մենք ըսենք, որ թուրքը թուրք է, անոնք ըսեն` հայը հայ է, քիւրտը քիւրտ է, այն ատեն ինչպէ՞ս ուժ պիտի ունենանք արդարութեան համար: Հոս եմ Հայաստան-Թուրքիա կամուրջը կրկին շինելու համար: Գիտեմ` շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանք ի գործ դնել այդ ուղղութեամբ: Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի խօսինք այս մասին, պայմանները օրէ օր կը վատթարանան, պէտք է ուղիներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

23 Սեպտեմբերին` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Յաջորդը

Շաւարշ Քոչարեան. «Նախարար Նալբանդեան Համանախագահներուն Առաջարկներուն 2 Նոր Պահանջ Աւելցուցած Է»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.