Լոնտոնի «Փարսընզ Կրին» կայարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 22 վիրաւորներ: Անոնց մեծամասնութիւնը այրուածքներ ստացած են:
Պայթած սարքը ձեռակերտ էր եւ զետեղուած ճերմակ դոյլի մը մէջ: «Էմ.Այ.5»-ի հետ աշխատող ոստիկաններ հետաքննութեան ձեռնարկեցին:
Միւս կողմէ, երէկ կանուխ առաւօտուն միջադէպ տեղի ունեցաւ Փարիզի «Շաթելիէ» կայարանին մէջ, ուր դաշոյնով զինուած տղամարդ մը ետեւէն մօտեցած է զինուորի մը եւ սկսած սպառնալ անոր` յիշատակելով ՏԱՀԵՇ-ը: Յարձակումին հեղինակը ձերբակալուած է` առանց որ վիրաւորներ արձանագրուին:
Փարիզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դատախազութիւնը քննութեան սկսաւ մայրաքաղաքի մեթրոյին մէջ զինուորին դէմ կատարուած յարձակումին գործով:


