Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մտահոգութիւն Յայտնած Են Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ «Էս-400»-ներու Մատակարարման Մասին Համաձայնագիրի Կնքումին Առնչութեամբ

September 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ «Էս-400» հակաօդային հրթիռներու համակարգերու մատակարարման մասին համաձայնագիրի կնքումին առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Փենթակոնէն յայտնած են, որ իրենք իրենց մտահոգութիւնը արդէն յայտնած են Թուրքիոյ եւ խնդիրին շուրջ զրոյց ունեցած թուրք գործընկերներու հետ:

Փենթակոնի ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու լաւագոյն տարբերակը գնելն է այնպիսի հակաօդային համակարգ, որով թրքական կողմը պիտի կարենայ դիւրութեամբ աշխատիլ ՕԹԱՆ-ի հետ:

Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտած էր, որ Թուրքիա որեւէ մէկուն հաշուետու չէ իր անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին կատարած քայլերուն համար եւ «իր անկախութիւնը պահելու հետ կապուած որոշումները ինքնուրոյն կը կայացնէ»:

Էրտողան չէ մոռցած կոչեր յղել նաեւ Արեւմուտքին` պնդելով, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամ նկատուող դաշնակից երկիրները ժամանակին մերժած են Թուրքիոյ անօդաչու թռչող սարքեր վաճառել, մինչդեռ, ըստ Էրտողանի, զինած են ահաբեկիչները:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը, վկայակոչելով զինուորական եւ դիւանագիտական շրջանակներէն աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ «Էս-400»-ի շուրջ համաձայնութիւնը պիտի արժէ աւելի քան 2 միլիառ տոլար: Թրքական կողմը պիտի ստանայ «Էս-400»-ի չորս համակարգեր:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ատիկա մեծագոյն համաձայնութիւնն է, որ երբեւէ կնքուած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի մը միջեւ:

«Քոմերսանթ»-ի տեղեկութիւններով` այդ համակարգերուն վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք մնացած են քանի մը բաց հարցեր: «Նախ, «Ռոսոպորոնէքսփորթ»-ի կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ թրքական կողմը չի յիշատակեր զէնքի գնումին համար վարկի տրամադրումը, այս երեւոյթը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ առանձին քննարկել: Երկրորդ, Թուրքիան մտադիր է «Էս-400» համակարգերու արտադրութիւն կազմակերպել իր տարածքին մէջ:

«Ատոր դէմ են Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները, որոնք աննպատակայարմար կը նկատեն ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրին ճարտարագիտութիւններու յանձնումին կարելիութիւնը», կը նշէ օրաթերթը:

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէա Կը Մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նոր Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Անկախ Քիւրտիստանի Մը Ստեղծման»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.