Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրաքի Քրտական Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէն Վտանգաւոր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ Շրջանին, Իրաքին Եւ Ինքնավար Մարզին Վրայ» Ըսաւ Շամխանի

September 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ գոյութիւն ունին փաստագրուած տեղեկութիւններ, թէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու փոխարէն կը ղեկավարէ զայն եւ օգնած է, որ անոր զինեալները փախուստ տան:

Ան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ յաւակնող կարգ մը երկիրներ հաւաստի ու լուրջ չեն եւ հարց տուաւ. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ յաւակնող երկիրները, նախ եւ առաջ ամերիկեան դաշինքը ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին կամ ՏԱՀԵՇ-ի եւ միւս հաւատադրժողական խմբաւորումներուն գրաւած շրջաններուն ազատագրման համար ի՞նչ ազդու գործ ըրին»:

Շամխանի յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը, որուն մաս կը կազմեն Իրանը, Իրաքը, Սուրիան եւ Հըզպալլան, հաւատարիմ, անկեղծ, հաստատ կամքով, յստակ գործով ու փայլուն արդիւնքներով կ՛աշխատի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, զայն արմատախիլ ընելու եւ աշխարհը փրկելու հաւատադրժողական ծայրայեղականներու տարածման վտանգէն:

Ան ընդգծեց, որ Տէր Զօր քաղաքի ազատագրումը վերջնական հարուած հասցուց Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գոյութեան:

Շամխանի նաեւ ըսաւ, թէ Իրան եւ Սուրիա կը զօրակցին «Լիբանանը ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատելու» մէջ Հըզպալլայի միջոցառումներուն` աւելցնելով, որ եթէ նշեալ կուսակցութեան ուժը չըլլար, ապա Լիբանան այսօր պիտի հիւրընկալէր աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները: Ան յայտարարեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու բանակը այսօր պարտական են Հըզպալլայի կատարած զոհողութիւններուն:

Ինչ կը վերաբերի Իրաքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն` Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը ըսաւ, որ Մուսուլ եւ Թելաֆար քաղաքներու` իրաքեան բանակին ու ժողովրդային զօրախումբին կողմէ ազատագրումը փաստեց, որ Իրաք օտար ուժերու կարիք չունի: Ան աւելցուց, որ Մուսուլի ազատագրումէն եւ այդ քաղաքին մէջ երեւակայածին խալիֆայութեան տապալումէն ետք Իրաք մօտեցաւ վերջնական յաղթանակին, որ շուտով պիտի իրականանայ:

Շամխանի ըսաւ, որ իրաքցիներու հարցերը պիտի աւելնան երկիրը ազգային եւ յարանուանական հիմերով մասնատելով, ինչ որ կրնայ աշխարհաքաղաքական ու ներքին համակեցութեան հարցերու լոյսին տակ նոր կնճռոտ հարցեր ներփակել, ինչպէս նաեւ առիթ ստեղծել, որ շրջանէն դուրս եղող ուժեր զանոնք շահագործելով տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ տիրեն երկրին:

Ինչ կը վերաբերի Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին, Շամխանի զայն նկատեց անօրինական` աւելցնելով, որ հանրաքուէն շրջանին, Իրաքին եւ ինքնավար մարզին համար վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Նոր Պատժամիջոցներ Որդեգրեց Հիւսիսային Քորէայի Դէմ

Յաջորդը

Իրաքի Խորհրդարանը Կը Մերժէ Քրտական Ինքնավար Մարզի Հանրաքուէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.