ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Հակառակ անոր որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած Պանք Օթոմանի գրաւումը տեղի ունեցած է 26 օգոստոս 1896-ին, ֆիլմաշարին մէջ կարելի է նկատել ժամանակագրական խախտումը, երբ այս գործողութիւնը կը փոխադրուի աւելի ուշ թուականի մը: Թուականի եւ առաջին տեսարանի ընտրութիւնը կարեւոր են նաեւ այն առումով, որ արդէն իսկ առաջին վայրկեաններէն յստակ փորձ մը կը կատարուի վերարտադրելու շատ յաճախ թուրք ազգայնական եւ առաքելական-աջակողմեան պատմագրութեան կողմէ շահարկուած «Օսմանեան եղբայրութեան» (Pax-Ottomanica) գաղափարը, ասինքն` այն մտապատկերը, թէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ընթացքին տարբեր միլլեթներ (էթնօ-կրօնական) ապրած են համերաշխ եւ ուրախ: Դժուար չէ տեսնել զուգահեռները ժամանակակից Թուրքիոյ հետ, երբ պետական տարբեր մակարդակներէ յաճախ կը հնչեն «եղբայրութեան» (hepimiz kardesiz) լոզունգներն
ու կարգախօսները, յատկապէս երբ երկիրը կը դիմակայէ արտաքին եւ ներքին վտանգներ: Հետեւաբար ֆիլմաշարին առաջին դրուագէն իսկ կարելի է հասկնալ բեմադրուած տեսարաններու եւ անոնց ստեղծած դիսկուրսի (discourse) հնչեղութիւնը ժամանակակից Թուրքիոյ հետ:
Ինչպէս է պարագան իւրաքանչիւր վարչակազմի, որ կու գայ փոխարինելու իր նախորդը` յաճախ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելով անոր գաղափարական սկզբունքները, նոյնն է երեւոյթը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ: Էրտողանի եւ իր վարչախումբի իշխանափոխութիւնը` յաչս քեմալականութիւնը մարմնաւորող Հանրապետական կուսակցութեան, եկաւ նաեւ փոխարինելու ազգային հերոսի կերպարը, որ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր բնականաբար պիտի ըլլար հիմնադիրը` Մուսթաֆա Քեմալը: Հակառակ որ այս վերջինը տակաւին կը շարունակէ տիրել հասարակական եւ պետական վայրերուն, ԱԲԿ-ն եւ անոր ղեկավարը հանդիսացող Էրտողան պէտք էր նաեւ ստեղծէին իրենց «ազգային հերոս»-ը, որուն գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն շնորհիւ` պիտի օրինականացնէին իրենց իշխանութիւնը: Քեմալականութեան խիստ աշխարհիկութեան դիմաց ուրիշ ոչ ոք կրնար յարմարիլ ազգային հերոսի տիպարին, եթէ ոչ` սուլթան Համիտ Բ., որ կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան վերջին հզօր սուլթանը եւ իսլամական աշխարհի իսկական պաշտպանը: Ահա այս պարունակին մէջ է, որ պէտք է հասկնալ Համիտը վերարժեւորող եւ դրական լոյսի տակ ներկայացնող պատմագրութեան զարգացումը Թուրքիոյ մէջ: Սոյն երեւոյթը նաեւ կ՛արտացոլայ «Փայիթահթ»-ի մէջ, ուր սուլթանը ներկայացուած է որպէս գթասիրտ, խորամանկ, հեռատես եւ վճռական:
Բնականաբար, «ազգային հերոս»-ի կողքին, պէտք էր ստեղծել կամ գտնել «թշնամիներ»` ըլլան անոնք ներքին կամ արտաքին, որոնց դէմ պայքարելով` «հերոս»-ը պիտի ստանար իր կոչումը: Ապտիւլ Համիտի կերպարը եւ ժամանակաշրջանը ամենայարմար պատմական պահն են, ուր այս «հերոսի պայքարը» կը ստանայ ժամանակակից հնչեղութեամբ քաղաքական բնոյթ. «Փայիթահթ»-ի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը հանդիպինք հիմնական երկու կամ երեք «թշնամիներու»` տասնիններորդ դարու եւրոպական ուժերը (յատկապէս` Անգլիան), սիոնական հրեաները եւ ներքին ճակատի վրայ հայ յեղափոխականները:
Թրքական ազգայնական-առաքելական պատմագրութիւնը միշտ մեղադրած է Արեւմուտքը` իր վնասակար գաղափարներով քայքայելու համար օսմանեան եղբայրութիւնը եւ կործանումի ճամբան հարթելու համար: Արեւմուտքի պայքարը Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Ապտիւլ Համիտի դէմ կը կազմէ «Փայիթահթ»-ի առանցքային թեմաներէն մէկը, որ նոյնպէս ունի իր ժամանակակից հնչեղութիւնը: 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք էրտողանեան վարչակազմի առաջին թիրախներէն էին Իսրայէլն ու արեւմտեան պետութիւնները, որոնք ամբաստանուեցան կիւլենական շարժումին աջակցելու յանցանքով: Յեղաշրջումի փորձէն ետք Էրտողան իր ելոյթներուն ընթացքին բազմիցս անդրադարձաւ Արեւմուտքի «դաւադրական» ծրագրերուն, որոնք կը միտին մասնատել Թուրքիան, ինչպէս փորձած են ընել տասնիններորդ դարուն, սուլթան Համիտի ժամանակ: Ահա այս հանգամանքն է, Արեւմուտքի քաղաքական շանթաժներու իբրեւ զոհ, որ «Փայիթահթ»-ի գեղարուեսական աշխարհին ընդմէջէն Էրտողանը կը նոյնացնէ սուլթան Համիտի հետ` Թուրքիոյ հասարակութեան եւ անոր քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ:
Կարելի չէ տարանջատել «Փայիթահթ»-ի առաջին դրուագի հրապարակումը 2016-ի աշնան եւ յուլիսեան յեղաշրջումի փորձն ու Թուրքիոյ մէջ անոր ստեղծած քաղաքական շրջադարձը: Այս առումով, յատկանշական է «Փայիթահթ»-ի առաջին երկու դրուագներուն մէջ բեմադրուած սուլթան Համիտի մահափորձը (որ պատմութեան նենգափոխութեան օրինակներէն մէկն է, տրուած ըլլալով որ Համիտի դէմ կատարուած է մէկ մահափորձ, այդ ալ` 1905 թուականին): Դէպքը տեղի կ՛ունենայ սուլթանական շքախումբի տողանցքի մը ժամանակ, երբ պալատական պահակագունդէն զինուորներ կրակ բանալով` կը փորձեն ահաբեկել Սուլթանը: Զինուորներու կողքին կայ նաեւ անոնց ղեկավար հրեայ գործակալ մը որ կը յաջողի Սուլթանին կառքը առեւանգել: Գործողութինը կը ձախողի, եւ սուլթանը հազիւ կը փրկուի մահէ, երբ վերջին վայրկեանին հասարակ սայլապան մը կը յաջողի վիրաւորել հրեայ գործակալը, նախքան որ ան սպաննէ Համիտը: Ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք տեսարանը շատերուս համար կրնայ հարազատ թուիլ, մանաւանդ երբ կը մտաբերենք յուլիսեան դէպքերու զարգացման ընթացքը. նոյն այդ գիշերը նախագահ Էրտողան հազիւ փրկուեցաւ մահէ, երբ իր համակիր զանգուածը փողոց իջնելով` կասեցուց հրասայլերու եւ զինուորներու յառաջխաղացքը: Վերարտադրելով այս դէպքը եւ տեղադրելով օսմանեան եւ յատկապէս համիտեան ժամանակաշրջանին պարունակին մէջ` սոյն տեսարանը կը միտի կրկին ընդգծել ժողովուրդի բախտորոշ դերը, որուն Էրտողան կը պարտի իր իշխանութիւնն ու հաւանաբար կեանքը:
Վերլուծելով այս տեսարանը յուլիս 15-ի դէպքերու լոյսին տակ` դժուար չէ նկատել զուգահեռները. սուլթանական պահակագունդը Համիտը սպաննել փորձելով` կը նոյնանայ կիւլենական շարժման հետեւորդ սպայակազմին հետ, որուն անդամները բանակին մէջ ներթափանցելով` փորձեցին տապալել էրտողանեան վարչակարգը, իսկ հրեայ գործակալը այլ երեւոյթ մը չէ, եթէ ոչ` Թուրքիոյ մէջ արդէն համատարած հակասեմականութեան մէկ երեսը, որուն հետեւանքներուն ականատես եղանք դեր վերջերս` Պոլսոյ Նեւէ Շալոմ սինակոկի դէմ յարձակման ընթացքին (յուլիս 21-22): Այն պահուն, երբ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը մնան լարուած, եւ Կիւլենը կ՛ամբաստանուի որպէս հրեայ գործակալ, հակասեմականութիւնը կը դառնայ Էրտողանի համակիր զանգուածը համախմբող քաղաքական հիմնական լծակներէն մէկը: Նոյն այս տրամաբանութեամբ է, որ պէտք է հասկնալ Ապտիւլ Համիտի վերագրուած այն խօսքերը, թէ ինք քաջ կը գիտակցէր սիոնականներու` Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատելու փորձերը (նկար 2): Հետեւաբար Էրտողանի «պայքարը» հրեաներու եւ իսրայէլեան «դաւադրական» ծրագիրներու դէմ` ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Համիտի առաքելութեան շարունակութիւնը` ԱԲԿ-ի իշխանութեան օրօք:
Սպառումը` Ներքին Ճակատի Վրայ
Վերջին բաժնով պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն բոլոր թեմաներուն եւ գաղափարներուն, որոնք կ՛արտացոլան «Փայիթահթ»-ի ընդմէջէն եւ կը գտնեն իրենց թրքական ներքին սպառման ճակատը: Ասոնցմէ ամէնէն հիմնականը իսլամութեան համախմբող ուժն է, որ Ապտիւլ Համիտի բերնէն ելլելով` կարծէք ուղղուած է Թուրքիոյ այսօրուան հասարակութեան: Պէտք չէ մտահան ընել այն հանգամանքը, որ «Փայիթահթ»-ը հրապարակուեցաւ նաեւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ էրտողանեան վարչակարգը ճիգ չէր խնայեր ժողովուրդը պատրաստելու 2017-ի ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէին, որուն շնորհիւ ամրագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական համակարգի անցումը: Շահարկելով որոշ երկճեղութիւններ, ինչպիսին է Արեւմուտք ընդդէմ «Իսլամի, «Փայիթահթ»-ի ստեղծած դիսկուրսը ուղղակիօրէն կ՛առնչուէր էրտողանեան վարչակարգի օրակարգային հարցերուն հետ: Սուլթան Համիտի օրով էր, որ Մապէյնի Հիւմայունը (սուլթանական պալատը)` որպէս միանձեայ եւ կեդրոնացեալ համակարգային հաստատութիւն, գերակշիռ դարձաւ կայսրութեան որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ, շատ յաճախ քաղաքական դաշտէն դուրս հրելով Պապը Ալին, որ ինքնին օսմանեան կառավարութիւնն էր: «Փայիթահթ»-ի միջոցով համեմատութիւնը կը տեղափոխուի քսանմէկերորդ դարի Թուրքիա ուր Մապէյնի Հիւմայիւնը կը նոյնանայ նախագահական պալատի` յանձնիս Էրտողանի հետ: Տրամաբանութիւնը, ներկայ հնչեղութեամբ, այն է, որ միայն կեդրոնացեալ համակարգով է, որ երկիրը (Թուրքիան) կրնայ դիմագրաւել ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս Ապտիւլ Համիտ կարողացաւ ընել: Հետեւաբար ԱԲԿ-ի կողմէ «ստեղծուած» հզօր Ապտիւլ Համիտի մը տիպարը կ՛օգտագործուի նոյնինքն ԱԲԿ-ի կողմէ լուծելու համար ներքին եւ այժմէական քաղաքական խնդիրներ:
(Շար. 2 եւ վերջ)