Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանական Լուացքատան» Նոր Մանրամասնութիւն. Հունգարիան Սաֆարովը 7 Միլիոն Տոլարի Վաճառած Է Ազրպէյճանին

Սեպտեմբեր 8, 2017
| Հայկական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամներու լուացման մասին հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բովանդակէ Հունգարիոյ հետ այդ երկրի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը գրէ «Արմէնփրես»-ը:

2012-ին, ճիշդ այն ժամանակ, երբ Հունգարիան Ազրպէյճանին արտայանձնեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանօրէն սպաննած ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, աւելի քան 7 միլիոն ամերիկեան տոլար փոխանցուած է հունգարական «Էմ.Քէյ.Պի.» դրամատան մէջ ազրպէյճանցի քաղաքական գործիչի մը որդիին անունով բացուած հաշիւին: Փտածութեան դէմ պայքարի «Աթլաթցօ» կայքին վրայ հրապարակուած զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ բացայայտուած նոր տուեալները ցոյց կու տան, որ իրականութեան մէջ Սաֆարովը արտայանձնելով` Հունգարիոյ կառավարութիւնը ոչ թէ ուզած է ամրապնդել Ազրպէյճանի հետ քաղաքական ու տնտեսական կապերը, այլ հետապնդած է այլ նպատակներ:

Նշեալ դրամատան մէջ բացուած հաշիւը կապուած եղած է արտերկրային ընկերութեան մը, որ սերտ կապերու մէջ եղած է Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ: Հունգարիա գումարը փոխանցուած է «Մեթասթար Ինվեսթ ԼԼՓ» ընկերութեան կողմէ հունգարական դրամատնային այն հաշիւին, որ կապուած եղած է արտերկրային գործունէութիւն ծաւալող «Վելասքօ Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան հետ:

Ուշագրաւ է, որ 7 միլիոն ամերիկեան տոլարին հունգարական «Էմ.Քէյ.Պի.» դրամատուն փոխանցումը համընկնած է Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սերտացման հետ: Արդէն 2014-ին, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան Պուտափեշթի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, կողմերը կնքեցին ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Հետագային եւս երկու երկիրներու պաշտօնատար անձերու հանդիպումները շարունակուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Հունգարիա կասկածելի գումարներ տեղափոխած «Մեթասթար Ինվեսթ ԼԼՓ»-ն այն ընկերութիւնն է, որ ազրպէյճանական կողմէն ապօրինի գումարներ վճարած էր Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) երեսփոխան Լուքա Վոլոթէին, որուն դէմ Իտալիոյ մէջ ներկայիս հետաքննութիւն կը կատարուի: Հետաքրքրական է, որ նոյն Լուքա Վոլոթէն ո՛չ միայն Ազրպէյճանի բարեկամն էր, այլ նաեւ Վիքթոր Օրպանի, որուն վարչակազմին դէմ քննադատութիւնները ԵԽԽՎ-ի երեսփոխանը որակած էր իբրեւ ոչ այլ բան, քան «վհուկներու որս»:

«Վելասքօ Ինթըրնեշընըլ»-ը, որուն կը պատկանէր հունգարական դրամատան մէջ բացուած հաշիւը, սերտ կապեր ունի Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ: Բրիտանական Վըրճինեան կղզիներուն մէջ արձանագրուած ընկերութիւնը կը պատկանի Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Եաքուպ Էյուպովի որդիին` Օրխան Էյուպովին:

«Աթլաթցօ» ընկերութեան ներկայացուցած բացայայտումներուն մէջ կ՛երեւի, որ ազրպէյճանական ընկերութիւններուն հետ գործարքներուն մէջ ներգրաւուած եղած են նաեւ Օրպանի կառավարութեան առընթեր հետախուզական ծառայութեան գործակալը, վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի ներկայացուցիչը եւ այդ երկրին մէջ կարեւոր պաշտօններ վարող այլ անձեր:

Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու ժամանակաշրջանին մէջ Ազրպէյճանէն Հունգարիա կատարուած գումարներու փոխանցումները կը բացայայտեն Օրպանի կառավարութեան կողմէ նման քայլի շարժառիթները: Հունգարիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը, անտեսելով բոլոր արժեչափերը, 7 միլիոն ամերիկեան տոլարի դիմաց պարզապէս «վաճառած» է ազրպէյճանցի մարդասպանը, որ Պաքու ժամանելէ անմիջապէս ետք հռչակուեցաւ «ազգային հերոս» եւ ազատ արձակուեցաւ` ոչ իսկ մէկ վայրկեան պատիժ կրելով քնացած հայ սպան կացինահարելուն համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է

Յաջորդը

Հայաստանը Եւ Ռուսիան Սկսած Են Աշխատանքը Հակաօդային Շրջանային Համակարգի Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական,  Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու  Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)
Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական, Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Փետրուար 7, 2023
Իշխան Սաղաթէլեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Դեսպանին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Ինկած Զոհերուն Համար
Հայկական

Իշխան Սաղաթէլեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Դեսպանին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Ինկած Զոհերուն Համար

Փետրուար 7, 2023
Ազրպէյճան Դարձեալ Դադրեցուցած Է  Արցախի Մէջ Կազի Մատակարարումը
Հայկական

Ազրպէյճան Դարձեալ Դադրեցուցած Է Արցախի Մէջ Կազի Մատակարարումը

Փետրուար 7, 2023

Comments 1

  1. Պետրոս Զէրտէլեան says:
    5 years ago

    Բոլոր հանցագործները խիստ պատիժի ենթարկուելու են Եւրոպական դատարանի կողմէ։

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In