ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այսպէս ասած` «գրաւեալ տարածքներ» ո՞րն են: Ես շատ դէմ եմ
տարածքներ յանձնելուն: Դրանք տարածքներ չեն, դա հայրենիք է:
ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆ
(Արձակագիր, թատերագիր)
«Ազդակ», օգոստոս 2017
Հայրենապաշտ ու վաստակաշատ մտաւորականի վերոյիշեալ իմաստախոր տողերը խորքին մէջ կ՛արտայայտեն իւրաքանչիւր ազնուասիրտ հայորդիի միտքն ու ապրումները, մտահոգութիւններն ու մտասեւեռումները: Այլապէս ալ անիկա հեղինակին կողմէ յետ մահու պատգամն է, որուն հարկ է ականջալուր մնալ եւ անով ճշդորոշել ներկայ թէ հետագայ տարիներու մեր բոլոր աշխատանքները:
Աշխատանքներ, որոնց հիմքը պէտք է ըլլայ հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու ազգային արժանապատուութեան պահպանումը:
Եւ այս հասկացողութենէն թելադրուած լոյսին կը բերենք այն վճիտ համոզումն ու ճշմարտութիւնը, որ, եթէ երբեք ազգեր կ՛ուզեն ապրիլ ու գոյատեւել, զարգանալ ու բարգաւաճիլ, հզօրանալ ու համաշխարհային վարկ ու հեղինակութիւն վայելել, ապա պարտաւոր են տէր կանգնիլ հայրենի թիզ մը հողին ու ճակատագիրին:
Ասոնք դասականացած մօտեցումներ են, հաւանաբար, որոնք լոյս աշխարհ կու գան ամէն պատեհ առիթի` իբրեւ ազգային համոզումներ եւ անվիճելի սկզբունքներ:
Ճիշդ է, որ առաջնահերթ օրակարգեր են Արցախի պետականաշինութեան ամրակայումն ու դիւանագիտական աշխատանքներու առաւել աշխուժացումը, ճիշդ է նաեւ այն, որ պատերազմական ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք ազգովին, այսուհանդերձ հայութիւնը կը դիմագրաւէ ծանրակշիռ երկու մարտահրաւէր` Հայաստանէն արտագաղթն (հայրենալքում) ու Արցախի վերաբնակեցումը:
Իսկ այս երկու մարտահրաւէրներու շրջանցումն ու անոնց դարմանումը հայ պետական ու քաղաքական մտքի պարտաւորութիւնն է առանձնապէս` իր բովանդակ ուժերու լարումով, համազգային կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու անմնացորդ օգտագործումով:
Արդարեւ, ինչպիսի՛ անուանում կամ յորջորջում ալ փորձենք տալ (երկիր, հայրենիք, բնօրրան եւ այլն) բնորոշելու հողամասի մը ինքնութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը, հիմնական հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ առ յաւէտ. թէ` որքանո՞վ տուեալ հողամասին տէրն ենք եղած անցեալին ու տէրն ենք նաեւ այսօր մենք` ազգովին:
Այո՛, տէր ըլլալն ու տիրութիւն ընելու գործընթացները իրարմով կ՛արժեւորուին եւ կ՛իմաստաւորուին, երբ զանոնք օղակողն ու ամրացնողը պատկանելիութեան ուժեղ զգացողութիւնն է, ինքնաճանաչութիւնն ու նուիրաբերումը: Միւս կողմէ, ինչո՞ւ ամէն քայլափոխի եւ անընդմիջաբար կը շեշտադրենք, որ անհայրենիք թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայութեան փրկութիւնն ու ապաւէնը, բացառաբար կը կայանայ ազգային գիտակցութեան պատուանդանին առաւել ամրապնդումով եւ հայրենի հողին հետ շաղախուելու իրականութեամբ:
Պահ մը զանց առնելով քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, զինուորական թէ մշակութային բնագաւառներու վերլուծութիւնն ու անոնց վրայ լուսարձակներու կեդրոնացումը, արդար է խօսիլ ու գրել, քննել ու անդրադառնալ հայ կեանքին առնչուող ընկերային մարզին, որ արմատապէս օղակաւորուած է վերեւ նշուած մարտահրաւէրներուն:
Անհաշուելի էջեր մրոտուած են սփիւռքահայութեան թէ հայրենի ժողովուրդի առօրեային մասին, պետական մակարդակի յանձնախումբեր կեանքի կոչուած են` որոշակի արդիւնքներ ապահովելու տեսակէտէ, վեհաժողովներ զիրար հրմշտկած են` ձեռք ձգելու պատուաբեր փորձառութիւն, գիտաժողովներ անպակաս են եղած` հարցերը գիտականութեամբ ուսումնասիրելու եւ ըստ այդմ գործունէութիւն ծաւալելու, սփիւռք-հայրենիք մերձեցման ճանապարհին, 25 տարի է, յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւններու ականատես ենք եղած, եւ այսպէս շարունակաբար, յանուն վերանկախ Հայաստանի հզօրացման եւ Արցախի պաշտպանութեան:
Արցախը իմ տունս է, մե՛ր տունն է, հայաշունչ սերունդներու օրրանն է: Միթէ այդպէ՞ս է: Արդեօք կարգախօսային կամ խոհանոցային հայրենասիրութիւն բուրող արտայայտութիւններ չե՞ն, որոնցմով կը պարուրենք մեր կեանքը:
Հաւատացողն ենք, որ 8-10 միլիոն հայութեան համար Արցախը հայրենիք է, արդի ժամանակներու ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշն է, թուրքին ու ազերիին յաղթելու մեծագոյն փաստը, բայց մանաւանդ` ինքնաճանաչութեան եւ ինքնակառավարումի ամենավառ արտայայտութիւնը:
Փաստօրէն, Արցախ աշխարհը ո՛չ միայն աշխուժ պետութիւն է իր աշխատասէր ժողովուրդին թէ հզօր բանակի ներկայութեամբ, այլեւ` հաւաքական կեցուածք ու նկարագիր է, ուժեղ կամքի, տեսլականի ու ազգային արժեհամակարգի ամենապայծառ օրինակն է:
Ի՜նչ խօսք, երբ փորձ կը կատարուի բաղդատելու Արցախի հրաշք բնութիւնը տարբեր երկիրներու հետ: Ազգային նուաստացում է նման մօտեցում, որովհետեւ Արցախի ու Հայաստանի բնութենական թէ մշակութային անկրկնելի ու եզակի գեղեցկութիւնները իւրայատուկ են եւ ըստ ամենայնի` անչափելի:
Իրօք, Արցախի անկախութեան ծնունդն ու հռչակումը նուէր չտրուեցաւ մեզի` հայութեան, անիկա կեանքի կոչուեցաւ աւելի քան հինգ հազար նահատակներու սուրբ արեամբ եւ անասելի զոհաբերութեամբ:
Բաւարար է յիշել ապրիլեան քառօրեայ մարտերու (2016) ողջ պատմութիւնը եւ ընդմիշտ եզրակացնել, որ հայութեան ճակատագիրն է եղած, դարեր շարունակ, ոգի ի բռին մարտնչիլ երկու ճակատներու վրայ` ներքին ու արտաքին: Ներքին` փտածութեամբ, սուտ եւ զեխ կեանքով կլանուած ղեկավարութեան դէմ եւ արտաքին` հայատեաց ու ցեղապաշտ թրքութեան:
Մէկ կողմէ ականատես ենք ազգային գիտակցութեան եւ նուիրաբերումի բորբոքման տարբեր դրսեւորումներու, միւս կողմէ` կ՛ապրինք պատեհապաշտ ու ապազգային կեցուածքներու անմիջական ներկայութիւնը:
Եւ ահա հակասական եւ իրերամերժ հոսանքներու կիզակէտին կը կանգնի հայ արդար բազուկի ու պայծառ մտքի հաւատացող սերունդներու ընտրանին, որ մէկդի շպրտած վախը եւ յուսալքութիւնը, կամքի թուլութիւնը եւ յանձնապաստան կեանքը, իր առօրեան կ՛ապրի հեզասահօրէն ու երազները կը շաղախէ Արցախ աշխարհի մէն մի գեղեցկութեան` յանուն բարօր ապագայի ու ազգային յառաջդիմութեան:
Իսկ ո՞ւր ենք մենք առանձնապէս իբրեւ սփիւռքահայութիւն, որ զոհն ենք դարձեր մեր հաւաքական չկամութեան եւ թեթեւսոլիկ ապրելակերպին: Կ՛երգենք Արցախի յաղթանակը, բաժակներ կը բարձրացնենք ի պատիւ սխրանքներու, իսկ երբ իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք, կը բաւարարուինք կոչերու եւ խօսքերու յագուրդ տալով:
Ո՞ւր են նաեւ անհաշուելի մեծահարուստ հայերու փաղանգները, որոնք իրենց անսահման կարելիութիւններով սատար պիտի կանգնին Արցախի վերականգնումին եւ բնակեցման: Ինչպիսի՞ մակարդակին է ազգային-պետական ռազմավարական այն ուղղութիւնը, որով պիտի կարենանք իրագործել դարերու մեր երազը` հայահաւաքն ու հողահաւաքը:
Ի դէպ, այս ուղղութեամբ տարուած բոլոր աշխատանքները կը մնան մեր բոլորին երախտագիտութեան ու յարգանքին արժանի:
Այդուամենայնիւ, ժամանակներու արագընթաց ու աննպաստ վիճակներու յորձանուտին մէջ անոնք` տարուած աշխատանքները (պետական, միութենական թէ անհատական) կը մնան ոչ գոհացուցիչ ու անբաւարար` նկատի առած սպառնացող վտանգներու ահագնութիւնն ու միջպետական խօլ մրցակցութիւններու տակաւ սաստկացումը: Վտանգներ, որոնց թւումն անգամ մեզ կ՛ապշեցնէ եւ յուսալքման ճամբեզրին կը հասցնէ շատ անգամ: Եւ սակայն հայ կեանքի թաւալքը կը շարունակէ իր գորշ ընթացքը, առանց շեշտակի հաւաքական յաջողութիւններու եւ հեռանկարային վճռական ոստումներու:
Դիպուկ է լոյսին բերել դիւանագիտական ասպարէզի, այս պարագային ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու մերթ ընդ մերթ կատարուող «անմեղ», «խելացի» կամ «անհատական» կեցուածքները, որոնց առանցքը, խորքին մէջ, տարածքներու զիջում ապահովելու կը ծառայէ, ազերի հորդաներու քաղաքական թէ հողային առաւելներ ապահովելու միտումներ կ՛ընդգրկէ եւ այլն, եւ այլն:
Ճիշդ է, որ հայ դիւանագիտութիւնը կը պատասխանէ միջազգային խարդաւանանքներու եւ ստապատիր կեցուածքներու, այդուամենայնիւ հարկ է ազգովին սպառազինուիլ հայութեան կարողութիւններով եւ լծուիլ բնակեցման սուրբ աշխատանքին առաւել ճառագայթումին: Ահա ամէնէն ուժեղ պատասխանը:
Բնակեցում, որ կ՛ենթադրէ պետական համապատասխան ծրագիր ու յանդուգն կողմնորոշում, այլ խօսքով` հայրենադարձութեան աշխուժ, իրական, պատուաբեր եւ գործնական գործելակերպերու որդեգրում:
Այսինքն` Արցախի հողին վրայ տուն մը ունենալու երազի իրականացում:
30 օգոստոս 2017