ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Այս կարճ պատմութիւնը, որ կը վերաբերի իմ ապրած գաղութին, կ՛ուզեմ կիսել ձեզի հետ: Ուրեմն, այս տարի, մայիս ամսուն, երբ ամբողջ հայութիւնը կը պատրաստուէր Հայաստանի անկախութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերուն 99-ամեակը նշելու, զգացի, որ ասիկա լաւագոյն առիթն է ինծի համար` հրապարակ իջնելու իբրեւ դասախօս: Անմիջապէս գործի անցայ: ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնական կայքէն քաղած տեղեկութիւնները հիմը հանդիսացան տրուելիք դասախօսութեան: Դժբախտաբար շրջանի հայ երիտասարդութիւնը իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայերէն չի գիտեր եւ այդ պատճառով աշխատանքս բարդացաւ: Բայց, առանց յուսահատելու, լծուեցայ թարգմանութեան` քաջ գիտնալով այս գործին կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով մեր գաղութին մէջ պիտի տրուէր նման դասախօսութիւն, որ հայ ոգի ու դրոշմ պիտի կրէր եւ անպայման պիտի ազդէր երիտասարդ միտքերուն վրայ:
Ընկերներու օգնութեամբ կարելի եղած չափով քարոզչութիւն ըրի կայանալիք ձեռնարկին մասին եւ կը սպասէի, որ մարդոց բաւական թիւ պիտի հաւաքուէր: Վերջապէս ամէն ինչ պատրաստ էր, եւ մայիս 27 հասաւ: Սակայն, հակառակ ակնկալութիւններուս, հազիւ 10 հոգի հաւաքուեցաւ: Պէտք է խոստովանիմ, որ սկիզբը հիասթափութիւն ապրեցայ, քանի որ ուրիշ պատկեր տեսնել կը նախատեսէի: Բայց եւ այնպէս շուտով վերյիշեցի, թէ ո՛ր երկրին մէջ պիտի տայի դասախօսութիւն մը, որ աննախադէպ բովանդակութիւն պիտի պարունակէր, երկիր մը, ուր միշտ հակադաշնակցական քարոզչութիւն եւ տրամադրութիւնները տիրական էին, եւ այս քաղաքականութեան պատճառով հայ սերունդները կը մեծնային եւ կը դաստիարակուէին ապազգային մթնոլորտի մը մէջ: Այսօր, հակառակ անոր որ Խորհրդային Միութիւն գոյութիւն չունի այլեւս, բայց եւ այնպէս հին մտայնութիւնը կը յամենայ, եւ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս պատրաստուած չէ: Ուստի հաւաքուած 10 հոգիով գոհ մնացի: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով, անոր յաջորդեց դասախօսութիւնը, որ կ՛ուղեկցուէր ֆետայիներու, յեղափոխական գործիչներու եւ պետական այրերու նկարներով եւ կարճ կենսագրականներով, ինչ որ աւելի մեծցուցին հետաքրքրութիւնը նիւթին հանդէպ: Սկսան հարցումներ` Անդրանիկի, Դրոյի եւ միւս յեղափոխականներուն մասին: Սակայն շատ զարմացան, երբ կարգը եկաւ հանրապետութեան անկումին. երբեք չէին գիտեր ռուս-թրքական մեղսակցութեան մասին, չէին գիտեր, որ Ռուսիան գրաւեց, խորհրդայնացուց Հայաստանը եւ մեր ազգի հերոսներուն մէկ մասը աքսորուեցաւ, ուրիշ մաս մը բանտերը նետուեցաւ եւ նոյնիսկ կացինահարուեցաւ: Բայց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն եւ հոն տարուած յաղթանակներուն մասին լսելով` հիացան, թէ ինչպէ՛ս կոտորակուած ժողովուրդը կրցաւ 1915-էն հազիւ 3 տարի ետք նման նուաճումներ արձանագրել եւ հանրապետութիւն կերտել:
Այս դասախօսութեամբ չբաւարարուեցայ եւ նմանատիպ ձեռնարկներ կազմակերպեցի, «Նեմեսիս» գործողութեան եւ քիչ անց` Սերոբ Աղբիւրին նուիրուած: Եւ դարձեալ նոյն եղաւ պատկերը: 7-10 տղայ եւ աղջիկ հաւաքուեցան, բայց միշտ բարձր հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մատուցուած նիւթերուն: Վերջերս Լիբանան կատարած այցելութենէս ետք որոշեցի Լիզպոնի տղոց նուիրուած դասախօսութիւն պատրաստել: Երիտասարդներէն ոմանք հպարտ զգացին այս գործողութեամբ, ոմանք յուզուեցան տղոց նահատակութեամբ: Ձեռնարկէն ետք տղայ մը ինծի մօտենալով` ըսաւ, որ նախապէս համացանցէն գիտէր Լիզպոնի հինգին կատարած գործողութեան մասին, բայց իբրեւ ահաբեկիչներ կը ճանչնար զանոնք ու երբեք չէր հասկնար անոնց բուն նպատակը եւ գործողութեան իմաստը: Բայց դասախօսութենէն ետք կարծիքը փոխուեցաւ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նոր գիտելիքներուն համար:
Վերջաւորութեան կ՛ուզեմ ըսել, որ համոզուեցայ Սիմոն Եահնէեանի խօսքին ճշմարտութեան, երբ կ՛ըսէր. «Մեծ եւ պզտիկ գործեր չկան, այլ` լաւ եւ գէշ գործեր»: Թէեւ ամէնէն շատ 10 հոգի կը հաւաքուի իմ կազմակերպած ձեռնարկներուս ներկայ ըլլալու, բայց եւ այնպէս կը հաւատամ, որ եթէ կարենամ իմ տուած եւ մատուցելիք դասախօսութիւններով հայ ոգին եւ ազգին հանդէպ սէրը սերմանել երիտասարդներու հոգիներուն մէջ, ուրեմն իմս է լաւ գործը:
Հիւսիսային Օսեթիա, Ռուսիա