Ուաշինկթըն նահանգի դատարանը ընդլայնուած կազմով որոշում տուած է մեղադրականներ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ 16 մայիս 2017-ին խաղաղ ցուցարարներու դէմ յարձակում գործած 19 անձերու, ներառեալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 15 թիկնապահներու դէմ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:
Քոլումպիայի շրջանի դատախազի գրասենեակէն յայտնած են, որ 19 անձի դէմ մեղադրանք ներկայացուած է բռնութեան նպատակով դաւադրութիւն կազմակերպելու գործով: Մեղադրականին համաձայն, ենթադրեալ դաւադրութեան նպատակը եղած է յարձակիլ ու հարուածել Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց հաւաքուած ցուցարարները, ինչպէս նաեւ յարձակիլ այն ոստիկաններուն վրայ, որոնք կը փորձեն դադրեցնել յարձակումը:
Դատախազի գրասենեակէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ մեղադրեալներէն երկուքը ձերբակալուած են, իսկ միւսները կը շարունակեն մնալ ազատութեան մէջ: Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛ւր կը գտնուին միւս մեղադրեալները եւ արդեօք դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը կրնա՞յ խանգարել անոնց դէմ հետաքննութիւն կատարելը:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ 19 անձի դէմ ներկայացուած մեղադրանքներով (ատելութեան ենթահողի վրայ գործուած յարձակում) կը նախատեսուի սահմանել պատիժ մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան չափով: Գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեան մեղադրականներու ներկայացումը նկատած է կարեւոր քայլ: «Ժամանակն է պահանջելու Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներու անյապաղ արտայանձնումը, իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է փոխհատուցէ այդ սարսափելի յանցագործութենէն վնասուածներուն», նշած է Չուլճեան:
Նշենք, որ յարձակումին մասնակից Միացեալ Նահանգներու երկու թուրք քաղաքացիներ արդէն ձերբակալուած են: Անոնց դէմ այս հարցով առաջին դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 7 սեպտեմբերին:



