Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Ազատագրումէն Ետք Հոն Արձանագրուող Իրադարձութիւններուն

August 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն ազատագրումէն ետք հոն արձանագրուող իրադարձութիւններուն` այդ բարձունքները ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետքերէն մաքրելու եւ երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը ստանձնելու առումով:

Նախագահ Աուն ընդունեց Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Այուպ Հըմայէտ եւ Ալի Պեզզի, որոնք նախագահ Աունին յանձնեցին իմամ Մուսա Սատըրի նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպիի` անոր հրաժեշտի այցելութեան առիթով:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Սեմնեպիի ջանքերը լիբանանեան-շուէտական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ, որ նախագահ Աունին յայտնեց Արեւմտեան Պեքաայի բնակիչներուն շնորհաւորութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակին առումով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան տագնապի լուծման հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի բարձունքներէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները դուրս բերելու կարելիութիւնները: Այդ հաղորդակցութեան հիման վրայ է, որ Հըզպալլա ստանձնած է ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւններն ու ահաբեկիչները լիբանանեան հողերէն դուրս բերելու պարտականութիւնը:

Նախորդը

Իպրահիմ. «Մեր Նպատակները Իրագործուած Են` Լիբանանի Բարձունքները Ազատագրուած Են Եւ Բանակայիններուն Աճիւնները Ստանձնուած»

Յաջորդը

Յոյսին Ճախրանքը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.