Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմ. «Մեր Նպատակները Իրագործուած Են` Լիբանանի Բարձունքները Ազատագրուած Են Եւ Բանակայիններուն Աճիւնները Ստանձնուած»

Օգոստոս 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Ձայնասփիւռի պետական կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան սպաննող եւ վրէժխնդիր պետութիւն մը չէ, այլ` միջազգային օրէնք յարգող պետութիւն է:

Պատասխանելով այն քննադատութիւններուն, թէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն արտօնուած է զովացուած պասերով Սուրիա փոխադրուիլ, Իպրահիմ հաստատեց, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու իր գործողութիւնը սանձազերծած լիբանանեան բանակը ունէր հիմնական երկու նպատակ` բարձունքներուն ազատագրումն ու առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրի բացայայտումը:

Ան նշեց, որ այդ երկու նպատակները իրականացան` ընդգծելով, որ թշնամիին դիմադրութիւնը նպատակին հասնելու միջոց է եւ ոչ թէ նպատակ:

Իպրահիմ շեշտեց, որ անցնող երեք տարիներուն ընթացքին բարդ եւ դժուար կացութիւն կը տիրէր` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը ինկողը կը նահատակուի, որովհետեւ անոնց գաղափարաբանութիւնը ոճրագործութիւնն է: «Այդ ոճիրը գործուեցաւ նաեւ մեր հերոս բանակայիններուն դէմ փետրուար 2015-ին եւ այդ մասին փաստացի տեղեկութիւններ ստացանք եւ կը սպասէինք յարմար պահուն, որպէսզի անոնց աճիւնները արժանապատուութեամբ կարենայինք հայրենիք վերադարձնել», ըսաւ ան:

Իպրահիմ աւելցուց, որ ինք տարի մը առաջ փորձած է առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն անուղղակի կերպով իմացնել, թէ անոնց զաւակները կրնան նահատակուած ըլլալ, սակայն անոնք մերժած են հաւատալ, «ինչպէս որ էր պարագան կիրակի օր, երբ Ռիատ Սոլհէն յայտարարեցի: Անշուշտ ես չեմ մեղադրեր զանոնք եւ եթէ իրենք զիս կը մեղադրեն, այդ մեղադրանքը կ՛ընդունիմ սիրով: Պարզապէս կ՛ուզեմ, որ անոնք զիս նկատեն իրենցմէ մէկը, որ կը ցաւի նահատակներուն համար եւ մէկը, որ կը հպարտանայ իրենցմով», աւելցուց Իպրահիմ:

Ան նկատել տուաւ, թէ կիրակի օրուան պատկերը փաստեց, որ կարեւորագոյնը լիբանանեան միասնականութիւնն է: «Երբ մեր միասնականութիւնը խզուած էր, մեր երկիրը բռնագրաւուեցաւ: Եթէ մենք այսօրուան նման միասնական ըլլայինք, մեր հայրենիքը ոչ ոք կրնար բռնագրաւել: Մենք պէտք է միասնական ըլլանք եւ նեցուկ կանգնինք մեր բանակին, որովհետեւ միայն այդ պարագային է, որ ոչ ոք պիտի յանդգնի մեր հողերը պղծել: Իսկ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, ամրապնդուի ու դառնայ ամբողջական: Ժամանակն է արդէն իրարու հետ գործակցելով լիբանանեան պետութիւնը հիմնելու», եզրափակեց Իպրահիմ:

 

Նախորդը

Պըրրի Ռիաշիի Հետ Քննարկեց Տեղեկատուութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Ազատագրումէն Ետք Հոն Արձանագրուող Իրադարձութիւններուն

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?