Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախանցեալ գիշեր ընդունեց Ծոցի երկիրներու հարցերով Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Յետմիջօրէին Սապհան այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց հետեւեալը. «Մեհրապի մէջ կլիման միշտ բարեխառն է»: