Մարմնամարզիկ Արթուր Թովմասեան նուաճեց օղակներու վարժութեան ոսկի մետալը Թայուանի Թայփէ քաղաքին մէջ շարունակուող 29-րդ ամառնային համաշխարհային ուսանողական խաղերուն: Թովմասեան լաւագոյն եռեակին մէջ ետ ձգեց թուրք Իպրահիմ Չոլաքը եւ ուքրանացի Օլեկ Վերնիայեւը:
Ծանրաբարձութեան մէջ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ) դարձաւ փոխախոյեան: Առաջին տեղը գրաւած ղազախ մարզիկին Կարապետեան զիջեցաւ միայն մէկ քիլոկրամով: Հայ ծանրաբարձը նոյնպէս փոքր ոսկի մետալ նուաճեց պոկում վարժութեան մէջ: