Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գացին, Յաղթեցին, Վերադարձան Հայրենիք

August 24, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրէ ետք ուրախ եռուզեռ մը կար Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ:

Հայաստան վերադարձաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը:

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ) երրորդ անգամ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն աշխարհի ախոյեան հռչակուեցաւ նոյնպէս  Մաքսիմ Մանուկեան (80 քկ):

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայ մարզիկները  դիմաւորելու եկած էին մարզաշխարհի ներկայացուցիչներ, համակիրներ, հարազատներ: Դիմաւորողներու շարքին էր Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:

Արթուր Ալեքսանեան հայրենիք վերադառնալէ ետք յայտարարեց, որ պիտի  չբաւարարուի այս տիղտոսներով եւ պիտի շարունակէ նոյն եռանդով պատրաստուիլ յաջորդ տարուան մրցաշարքերուն:

«Հայ համակիրները շատ օգնեցին: Փարիզի դահլիճին կէսը հայեր էին: Շատ կ՛ոգեւորէին եւ ուժ կու տային: Կարծես` Հայաստանի մէջ ըլլայինք: Շատ շնորհակալ ենք անոնց», ըսաւ Արթուր Ալեքսանեան, որ Փարիզի մէջ մրցանակը ստանալով յայտարարած էր. «Այս յաղթանակը կը նուիրեմ սահմանին կանգնած հայ զինուորին եւ պատերազմի բոլոր զոհերուն: Ապրիլեան պատերազմէն  ետք շատ ազդուած էի եւ դեռ այն ժամանակ որոշած էի, որ ախոյեան երբ դառնամ, պիտի հագնիմ այս շապիկը»:

Արթուրի շապիկին վրայ պատկերուած է ապրիլեան պատերազմի հերոս Ռոպերթ Աբաճեանի նկարը (Արխիւային լուսանկար)

Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան յայտարարեց. «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայրիկիս: Վստահ եմ, որ ան հիմա կը տեսնէ զիս վերէն եւ կը հպարտանայ: Ես կը հաւատամ, որ ախոյեան կը ծնին, բայց նոյնպէս կը դառնան: Իմ պարագայիս, ես դարձայ աշխարհի ախոյեան: Թերեւս պիտի դառնայի»:

Ախոյեանները դիմաւորողներէն  ամէնէն յուզուածը Մաքսիմ Մանուկեանի մայրն էր` տիկին Սուետան, որ  կը փորձէր կարելի եղածին չափ աննկատ մնալ բազմութեան մէջ:

Լրագրողի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին ան պատմեց, որ միշտ հաւատացած է իր տղուն յաղթանակին:

«Աննկարագրելի յուզուած եմ, պրկուած: Այս զգացողութիւնը տակաւին երէկուընէ է: Շատ երջանիկ եմ, որ ախոյեանի մայր եմ: Մաքսիմ Մանուկեանը  իրականացուց իր հօր երազը, եւ ես երջանիկ եմ: Ես կ՛ուզեմ, որ Հայաստանի, աշխարհի բոլոր մարզիկներուն մայրերը ապրին այս զգացողութիւնները, որոնք ես ապրեցայ երէկ եւ այսօր արթնցայ, իբրեւ ախոյեանի մայր: Մրցումին չեմ հետեւած: Սովորաբար չեմ հետեւիր, քանի որ շատ ծանր է ինծի համար: Բայց ներքուստ կը զգայի եւ կը հաւատայի, որ իմ որդիս յաղթանակով պիտի գայ տուն», ըսաւ Մաքսիմ Մանուկեանի մայրը:

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան  Լեւոն Ջուլֆալակեան հայրենիք վերադառնալէ ետք յայտարարեց.

«Երկու ոսկի մետալը գերազանց արդիւնք է: Բոլոր տղաներն ալ լաւ մրցեցան: Թերութիւնները կը քննարկենք: Բոլորը արդէն երկար տարիներ համոզուած են եւ մեր դէմ շատ զգօն եւ ուշադիր կը մրցին: Համակիրներէն որքան շատ քաջալերանք կը ստանանք, այնքան լաւ արդիւնք կու տանք:Դահլիճին մէջ բազմաթիւ հայ համակիրներ կային, կարծես` Հայաստանի մէջ էինք»:

 

 

Նախորդը

Հայ Մարզիչը` ՈՒԵՖԱ-ի Դափնեկիր

Յաջորդը

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր Արթուր Թովմասեան Ախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.