Մոսկուայի «Արարատ»-ի մարզիչ Պօղոս Գալստեան, Պալթիքայի հետ տեղի ունենալիք մրցումի փորձերուն ատեն սրտի կաթուած ունեցած եւ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուելով վիրահատութեան ենթարկուած էր: 56-ամեայ մարզիչը վերակենդանացման բաժանմունքէն այժմ տեղափոխուած է հիւանդանոցային սենեակ: Պալթիքայի դէմ երէկուան մրցումին, «Արարատ»-ի ֆութպոլիստները դաշտ ներկայացան յատուկ շապիկներով, որոնց վրայ գրուած էր. «Արտուշիչ, մենք քեզի հետ ենք»: ՀՄԸՄ-ի համակիրները վստահաբար կը յիշեն, որ Պօղոս Գալստեան 1990-ականներու սկիզբը մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, որ այդ տարիներուն Հայաստանէն հրաւիրուած մարզիկներ ունէր եւ լուրջ թեկնածու էր ախոյեանութեան տիտղոսին: Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք Պօղոս Գալստեանին: