Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ռուսական Նորագոյն Սպառազինութեան Գնորդներու Շարքին Է

August 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 22 օգոստոսին, Ռուսիոյ մէջ սկսած «Բանակ 2017» վեհաժողով-ցուցահանդէսին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուին «S-500» եւ «Անտէյ-400» նորագոյն հրթիռային համակարգերը, որոնց հաւանական գնորդներու ցանկին վրայ կայ նաեւ Ազրպէյճանը` ըստ մասնագէտներու:

«Իզվեսթիա» թերթը, յղում կատարելով զինուորական հարցերով փորձագէտներու, կը գրէ, որ այս նորագոյն համակարգերը մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնեն շարք մը հաւանական գնորդներու մօտ:

Մէջբերելով փորձագէտ Անտրէյ Ֆրոլովի խօսքերը` թերթը կը գրէ, որ հաւանական գնորդներու ցանկը բաւական մեծ է. անոր մէջ կան Չինաստանը, Հնդկաստանը, Վիեթնամը, Ալճերիան, Ղազախստանը, Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Եգիպտոսը, Իրանը, Իրաքը, Քուէյթն ու Քաթարը:

Հաւանական գնորդներու նշեալ համակարգերը պիտի ներկայացուին փակ ցուցադրութեամբ:

«Յայտնի է նաեւ, որ «S-500»-ը կրնայ խոցել յայտնի թիրախներէն գրեթէ բոլորը, ներառեալ` ամերիկեան թռչող սարքերը», կը գրէ «Իզվեսթիա»:

«Ռուսական բանակը այս համակարգը պիտի ստանայ 2019-ին», ըսած է «Ալմազ-Անտէյ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսանտր Վետրով` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ բացայայտելու գաղտնի պահուող սպառազինութեան մասին:

Ռազմական ակադեմիայէն փրոֆ. Վատիմ Քոզիւլի կը գրէ, որ այդ համակարգերը կրնան խոցել թռչող սարքեր` մեծ հեռաւորութեան վրայ եւ տիեզերքի մէջ: Նոր համակարգերուն համար ստեղծուած են նաեւ յատուկ նոր հրթիռներ:

Փորձագէտ Անտրէյ Ֆրոլովի կարծիքով` «S-500»-ի առաջին գնորդը հաւանաբար Հնդկաստանն է, որուն հետ Ռուսիա համապատասխան համաձայնագիր ունի:

Նախապէս հաղորդուած էր, թէ Թուրքիա համաձայնած է 2,5 միլիառ տոլար վճարելու` ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան «S-400» համակարգեր եւ անոնց պատրաստութեան արհեստագիտութիւնը ձեռք բերելու համար:

 

Նախորդը

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը. Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Դատի Տուած Է Թրքական «Ենի Շաֆաք» Պարբերականի Սիւնակագիրը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.