Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այլ երկիրներու, եւ մանաւանդ Գերմանիոյ ներքին գործերուն շարունակ միջամտելը Աւստրիոյ համար ամբողջովին մերժելի է»:
«Էրտողան կը փորձէ ծագումով թուրք քաղաքացիները, մանաւանդ Գերմանիոյ եւ Ասւտրիոյ մէջ գտնուողները օգտագործել` տագնապները Թուրքիայէն Եւրոպական Միութիւն փոխադրելու համար», նշեց ան:
«Վիեննան պիտի չներէ, եթէ Էրտողանն ու անոր նախարարը այդպիսի բան մը կատարեն Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի պիտի ունենան այս տարուան 15 հոկտեմբերին», շեշտեց աւստրիական դիւանագիտութեան պետը: