Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Վարչապետները Կը Ծանօթանան Թալիշի Վերականգնման Աշխատանքներուն

August 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, իր արձակուրդը Արցախի մէջ անցընող վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ 16 օգոստոսին այցելեց Ասկերանի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջանները, յատկապէս Մատաղիս եւ Թալիշ գիւղերը:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու գործադիր իշխանութիւններու ղեկավարները ծանօթացան Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ ոռոգման կաթիլային համակարգերու միջոցով նռան այգիներու եւ ծխախոտի դաշտերու մշակութեան: Այցելութեան ընթացքին ոռոգման կաթիլային համակարգի առաւելութիւններուն եւ առանձնայատկութիւններուն մասին համապարփակ զեկուցումով երկու վարչապետներուն համար հանդէս եկաւ Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Գէորգ Վերանեան:

Այնուհետեւ վարչապետները ուղեւորուեցան Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս եւ Թալիշ գիւղերը: Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանի ուղեկցութեամբ` երկու վարչապետները ծանօթացան Թալիշի մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ քննարկեցին գիւղի զարգացման վերաբերող շարք մը ծրագիրներ:

«Թալիշի վերականգնման ծրագիրը կը գտնուի մեր ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնը: Անցեալ տարուան ապրիլին, Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն պատճառով, գիւղի բնակչութիւնը ստիպուած եղած է լքելու տունն ու տեղը: Այսօր մեր խնդիրն է անվտանգութեան բաւարար եւ ընկերային-տնտեսական գրաւիչ պայմաններ ապահովել, որպէսզի ապագային թալիշցիները այլեւս հարազատ օճախը լքելու խնդիր չունենան», յայտնեց վարչապետ Յարութիւնեան:

Ա. Յարութիւնեան եւ Կ. Կարապետեան Մատաղիսի մէջ այցելեցին նորաբաց հանգստեան գօտին, ուր ծանօթացան Մատաղիսի ջրամբարին կից օտարերկրեայ ներդրումով ստեղծուած հանգիստի ու ժամանցի պայմաններուն:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Նախագահները Կ՛աշխատին Արցախի Հարցով Վեհաժողով Մը Կազմակերպել

Յաջորդը

Սուրէն Կարայեան Այցելած Է «Մեղրի» Ազատ Տնտեսական Գօտի

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.