Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք, մեկնաբանելով Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Եւրոպական Միութեան Մաքսային միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնագիրի ընդլայնման վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնը, նշած է, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները պէտք չէ ազդեն Եւրոպական Միութեան հետ ընդհանուր բանակցութիւններուն վրայ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Թ24» կայքը:
Մերքել յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան Մաքսային միութեան միջեւ համաձայնագիրի ընդլայնման հարցին մէջ Գերմանիա որեւէ ջանք պիտի չգործադրէ:
«Թուրքիա կրնայ խնդիրներ ունենալ Եւրոպական Միութեան որոշ երկիրներու հետ, սակայն Եւրոպական յանձնաժողովը պէտք չէ արտօնէ, որ ատիկա ազդէ Մաքսային միութեան հետ բանակցութիւններուն վրայ: Համաձայնագիրի ընդլայնումը կը ներկայացնեն իբրեւ Թուրքիոյ համար մեծ նուէր մը, մինչդեռ ատիկա միակողմանի համաձայնագիր չէ», ըսած է Չելիք:
Նշեալ համաձայնագիրի կէտերը կը նախատեսեն, որ Թուրքիա ո՛չ միայն ազատօրէն պիտի արտածէ իր գիւղատնտեսական ապրանքները եւրոպական շուկայ, այլ նաեւ կարելիութիւն պիտի ստանայ մասնակցելու Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ կազմակերպուող պետական աճուրդներուն:
Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մեծցնել իր տնտեսական ներդրումները Թուրքիոյ մէջ: Կը սպասուի նաեւ, որ համաձայնագիրի հաստատման պարագային Եւրոպական Միութեան եւ երրորդ երկիրներու միջեւ կնքուելիք առեւտրական համաձայնագիրները պիտի ներառեն նաեւ Թուրքիան:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր կարգին յայտնեց. «Մեր ներքին հարցերուն Գերմանիոյ միջամտութիւնը չենք ընդունիր, ճիշդ ինչպէս մենք մեզի չենք արտօներ անոր հարցերուն միջամտել, ուստի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի յայտարարութիւններուն ականջ չենք կախեր»:
Ան աւելցուց. «Գերմանիա կը փորձէ Թուրքիոյ վրայ ազդել, իսկ գերմանական ընկերութիւնները կը շարունակեն Թուրքիոյ հետ աշխատիլ (…) եւ կը փորձէ այլ պետութիւններու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խանգարել, սակայն եթէ Գերմանիա մեզի հետ տարակարծութիւններ ունի, ապա մեզի հետ պէտք է նստի եւ խօսի»:
«Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը գործեն, ուստի հարց կու տանք` Գերմանիան ի՞նչ կը փորձէ ընել», հարց տուաւ ան: