Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այսօր` օգոստոս 10: Սեւրի դաշնագրի տարեդարձ: 1920: Շուտով` հարիւր տարի: Համակարգիչիս շտեմարանէն էջ մը պարզուեցաւ եւ զիս կրկին մղեց մտածելու, տարեդարձի մը յուզումէն աւելի, զիս մղելով անմիջականէն անդին եղող ցաւագին անմիջականի մասին մտածելու:
Նոյն խորագրով յօդուած մը գրած էի քսան տարի առաջ, 7 յունուար 1997-ին*: Դժբախտաբար այն օրէն ի վեր ոչ միայն «վերակառուցում» տեղի չէ ունեցած, այլ հայկական արտասահմանը ամէն օր քիչ մը աւելի նկարագիր կը փոխէ: Այսօր, ինչպէս երէկ, կը կարծենք շատ բան գիտնալ սփիւռք(ներ)ի մասին, մինչդեռ ինչ որ գիտէինք եւ գիտենք, ենթակայական է եւ մակերեսային: Վիճակագրական եւ ընկերաբանական ուսումնասիրութեան յատուկ տուեալներ չկան, որոնց բացակայութեան «ղեկավարում»-ը խարխափում կ’ըլլայ:
Նկատի ունենալով, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի համրանքի ճնշող մասը կը կազմէ թիւով, որակի գնահատումը այլ խնդիր է. ինչո՞ւ գիտական-ուսումնասիրական նախաձեռնութիւն մը չենք ունենար հասկնալու համար, որ Ի՞ՆՉ է ան իր համրանքով, տարտղնումով, լեզուով (լեզուներով), մշակութային եւ ընկերատնտեսական կացութեամբ, հոլովոյթի նախատեսութեամբ, հայրենադարձութեան եւ հայրենատիրութեան գաղափարախօսութեան հանդէպ իր վերաբերումով:
Ի վերջոյ մեղանչում պէտք չէ ըլլայ հարց տալ, թէ ի՞նչ են տեսական հասարակ յայտարարի մը տարրերը Մոսկուայի եւ Պէյրութի հայերուն, Արժանթինի եւ Ֆրանսայի հայերուն, Պոլսոյ եւ Լոս Անճելըսի հայերուն, եւ բոլորին` Հայաստանի հայերուն: Հարցադրումը տարբեր բնոյթ ունի ընտանեկան-ազգականական կապերէ:
«Վերակառուցում»-ը պէտք է վերաբերի «հայկական խորք»-ի: Կրնանք համայնքային մարզախումբեր եւ պարախումբեր ունենալ, ունենալ գեղեցիկ ակումբներ եւ սրահներ, եկեղեցական շէնքեր` շաբաթավերջի զբօսանքի կամ կիրակնօրեայ, տօնական, հարսանեաց, թաղման, մկրտութիւններու եւ աւանդական ծէսերու համար: Անոնք տեղական-անմիջականէ անդին ազգային հեռանկար ունի՞ն, անոնց «ղեկավարներ»-ը կը ծանծաղին տեղակա՞ն հրավառութիւններու գինովութեամբ, թէ՞ այդ բոլորին մէջ կը տեսնեն ազգային հասարակաց ապագայ մը: Աւելի պարզ. այդ նախաձեռնութիւնները ի՞նչ բանի կը միտին: Ինչպէ՞ս կը տեսնեն մասնատուած ազգի բեկորներու միացումը: Թէ՞ պարզապէս կ’ապրեցնեն «ծագումով» հայկական համայնքներ` առանց ազգային-քաղաքական հեռանկարի, առանց ըսելու, թէ ինչո՛ւ պիտի պահուին այդ համայնքները:
Միշտ պէտք է զգուշանալ փոքրամասնութիւնը շփոթելէ մեծամասնութեան հետ: Հաւկուրութիւն է ծառին ետին գտնուող անտառը չտեսնել:
Հայկական արտասահմանի վերակառուցումը ո՛չ բազմապատկուող միութիւններն են, ո՛չ գեղակառոյց շէնքերը, ո՛չ հայութեան ծանօթացման աշխատանքները եւ այդ գծով ձեռք բերուած ճանաչումները եւ ինքնահաստատման փորձերը:
Սփիւռք(ներ)ի վերակառուցումը հանդիսութիւններու եւ զիրար կրկնող խորհրդաժողովներու յուզումներով կարելի չէ իրականացնել: Ո՞ր ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ պիտի խմբուին եօթը կամ տասը միլիոնի հաւաքականութիւնները:
Ինչպէ՞ս այդ գաղափարախօսութիւնը նախ պիտի հասնի իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ, ի՞նչ պէտք է ընել, որ ան որդեգրուի իւրաքանչիւրին կողմէ, դառնայ համոզում եւ յանձնառութիւն:
Հայկական սփիւռք(ներ)ը, զանգուածներ եւ ղեկավարութիւններ, տեղեակ պէտք է ըլլայ իր իրական պատկերին, սկզբնաւորման, ներկային եւ ժամանակի գիծին վրայ իր կրաւորականութեան հետեւանք յանգումին: Ապա միայն անոր պէտք է խօսիլ ազգային գաղափարախօսութեան մասին` հիմնաւորուած մարդկային, մշակութային, ինքնութեան պահպանման արժէքներու վրայ:
Երբ կը բացակայի սեփական արժէքներու գիտակցութիւնը, անոնք ծնունդ չեն տար տեսիլքի, բնական ընթացք կ’ըլլան ամէն կարգի բացասականութիւնները, որոնց թւումով կը յորդին ճառերը: Այսօր դեռ կրնանք խօսիլ տարբերութեան որոշակի կամ աղօտած գիտակցութեան մասին: Ի՞նչ կ’ընենք այդ գիտակցութիւնը կենդանի գործի եւ յանձնառութեան վերածելու համար: Տոկացող փոքրամասնութիւններ կան, որոնք կարծէք շերամի պէս կ’ապրին խոզակի մէջ: Անոնցմէ դուրս գտնուող, հեռացած, տարտղնուած, խզուած մեծամասնութիւնը անտեսանելի է:
Վաղուան հզօրութեան նուաճումը իրականութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ կ’երթանք դէպի այդ մեծամասնութիւնը: Շրջանակներ եւ շրջաններ կան, ուր նախաձեռնութիւններ չեն ըլլար, մեծանուններ հոն չեն երթար: Պէտք է երթալ դէպի այդ շրջանները եւ շրջանակները` մարդկային եւ նիւթական ներդրումներ ընելով, զրուցելով, առանց մարգարէ ըլլալու, լսելու եւ լսուելու ազնուութեամբ, միշտ տալով անձին օրինակը, օրինակի արժէքը շատ աւելի դիւրին կ’ըմբռնուի, քան` իմաստուն վերլուծումը կամ իմաստուն ճառը:
«Հայկական արտասահմանի վերակառուցումը» գործնական աշխատանքի օրակարգ պէտք է ըլլայ, ոչ որպէս աստ եւ անդ յիշուող ճառ զարդարելու կոչուած բառակոյտ, այլ` չյուսահատող նախաձեռնութիւն: Որակ, որ ոչ «պրիճ»-ի հայերու ակումբ է, ոչ` զուարճացնող երգ ու պար:
Ճանչնալ եօթը կամ տասը միլիոնը, ընդունիլ զայն, ինչպէս որ է, հասնիլ իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ, վերականգնել, ինչ որ կորսուած է` պատմութիւն, լեզու, մարդկային իրաւունքի տիրութիւն եւ անոր հունով` ինքնութեան գիտակցութիւն, որ հայրենիք է եւ միասնաբար շարունակութիւն ըլլալու յանձնառութիւն:
Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով եւ որոնցմով: Ճիշդ է` կան սփիւռքի կազմակերպութիւնները, բայց կայ նաեւ անշրջանցելի Պետութիւն: Կան նաեւ նման ծրագիր մշակելու ատակ բեմերու վրայ չգտնուող ուժեր:
Միշտ մտածելով Յակոբ Օշականի իմաստութեան մասին, ըստ որուն, «մագաղաթը աւելի կ’ապրի, քան` մարմարը», այդ մարմարը ըլլայ անհատական թէ հաւաքական:
Իսկ երբ կը խօսինք եւ կը գրենք, կրկին պէտք է յիշել Յակոբ Օշականի խօսքը` ըսուած որպէս պատգամ Արամ Հայկազի. «Սիւս մի՛ ըներ»: Ինչպէս գրականութեան պարագային «սիւս» պէտք չէ ընել, «սիւս» պէտք չէ ընել կազմակերպական եւ քաղաքական կեանքի մէջ:
10 օգոստոս 2017, Փոնթիվի, Պրըթանեը, Ֆրանսա
*Ստորեւ գտնել նշեալ յօդուածը ամբողջութեամբ
Հայկական Արտասահմանի
Վերակառուցման Հեռանկարով
Մարդկային խմբաւորումները, հին թէ նոր ժամանակներու, զարգացած ընկերութիւններ ըլլան թէ ոչ, ունեցած են եւ ունին իրենց յատուկ կազմակերպութիւնը, որ կը ճշդէ եւ կը վարէ անհատներու եւ անոնց պատկանած ընկերային բջիջներու յարաբերութիւնները. ընտանիք, փոխանակութիւններ, մշակոյթ, իրաւունք եւ պարտաւորութիւն, հաւատք եւ նոյնիսկ անդենականը: Այս դրութիւնը կը գործէ` ըստ կառոյցներու եւ կանոններու: Առանց այս կազմակերպութեան` ընկերութիւնը կը քակուի, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ որպէս այդպիսին, կը լուծուի ուրիշ կազմակերպութեան մը մէջ, որուն ձեւերը եւ արժէքները կը տիրապետեն եւ կը փոխարինեն նախորդները: Այսպէս պատահեցաւ Նոր Աշխարհի նուաճումէն ետք, եւ բազմաթիւ ժողովուրդներ, զորս ցաւալի եւ անշնորհք սովորութեամբ նախնական կը կոչենք, կորսուեցան, անոնց կազմակերպութիւնը եւ կառոյցները չդիմացան, չպատշաճեցան գրաւողներու գիտութեան, քաղաքակրթութեան եւ արժէքներուն, որովհետեւ նոր հասնողները պարտադրեցին այլ կազմակերպութիւն:
Հայկական սփիւռքը անշրջանցելի իրողութիւն է: Վերադարձի քաղաքական իմաստութիւնը անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ հայկական լինելութեան, եւ երբեք պէտք չէ փորձել այդ արմատախիլ ընել, այլապէս սփիւռքին կը պարտադրուի իր հոգին կորսնցնել: Պարզ է նաեւ, որ այս վերադարձը վաղը տեղի պիտի չունենայ: Պէտք չէ խաբկանքներով օրօրուիլ եւ օրօրել, սակայն Պատմութիւնը միշտ ալ անակնկալներ կրնայ վերապահել, քանի որ ան ճշգրիտ գիտութիւն չէ, հասցէն անորոշ է, առնուազն վիճարկումի առարկայ է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է զարգացնել սփիւռքի հայկականութիւնը, գլխագրուած Օրուան համար, երբ պիտի հնչէ Վերադարձի Կանչը: Առանց այս զարգացման, երբ այդ Օրը հասնի, մենք կրնանք ունենալ հայասէրներ, բայց ոչ` Հայեր, կամ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կը մնան ծագումով հայեր, եթէ դեռ անդրադառնան, կամ անկէ բխած տարրական պարտաւորութիւններ, յանձնառութիւններ ընդունին:
Հայկական սփիւռքը այս խորհրդածութիւնները չէ սպասած ծնունդ տալու համար իր կազմակերպութիւններուն: Անոնք գոյութիւն ունին, բազմազան են: Վերիվայրումներով հարուստ տասնամեակներէ ետք, հայկական եւ միջազգային, հաւանօրէն հարկ է քննել անոնց այժմէականացման խնդիրը, անոնց պատշաճեցումը քաղաքակրթութեան եւ միջազգային կացութեան պահանջներուն: Այս վերջինը պէտք է գրաւէ մեր ամբողջական ուշադրութիւնը, քանի որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նոր հաւասարակշռութիւններ կ’ուրուագծուին: Բացակայ ըլլալ` կը նշանակէ չստանձնել որպէս ազգ ապրելու եւ տեւելու պատասխանատուութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով` հաւանօրէն փախցնել ոսկեղէն առիթներ: Այս ներկայութիւնը չի շփոթուիր բարեսիրութեան հետ, տափակութիւն մը, ոչ ալ զգացական հայրենասիրութեան հետ:
Հարցում. իսկապէս կը ճանչնա՞նք սփիւռքը: Չէ՞ք կարծեր, որ ժամանակը հասած է պատշաճ ընկերաբանական ուսումնասիրութեան մը` գիտական եւ ամբողջական: Նման ուսումնասիրութիւն ծախսալից է, անկասկած, բայց անհրաժեշտ` բազմաթիւ պատճառներով: Անոր տուեալները, արդիւնքները թոյլ պիտի տան խուսափիլ ամէն կարգի քաղաքական, ամբոխավարական, ազգային եւ միջազգային շահագործումներէ: Իր ներշնչումով եւ ձեւով գիտական` ան չի կրնար ո՛չ մասնակի ըլլալ եւ ո՛չ ալ կողմնակալ, մանաւանդ` կողմնապաշտ: Այդ իրականացնելու համար նախ անհրաժեշտ է ցուցաբերել իսկական ազգային-քաղաքական-հասարակաց կամք, որ գոյութիւն չունի, քանի որ մեզի կը պակսի անառարկելի բարոյական հեղինակաւոր ղեկավարութիւնը, դժբախտաբա՛ր: Կրնա՞նք շրջանցել այս գլխաւոր դժուարութիւնը: Հարկ է խօսիլ այդ մասին:
Այս գիտական ուսումնասիրութիւնը ծախսալից եւ երկարաշունչ աշխատանք է, սիրողներու երեկոյեան աշխատանք, զբաղում չէ: Կարելի չէ զայն իրականացնել զանազան եւ զարմանազան կարծիքներ գումարելով, կարծիքներ, զորս կը լսենք սրճարանի մէջ, երբ ոտքի կը սպասենք փոքրիկ բաժակը: Այս ուսումնասիրութիւնը կրնայ նոյնքան սուղ արժել, որքան, չեմ գիտեր, ո՛ր շէնքի կառուցումը, եթէ ո՛չ աւելի: Բայց ան իր մէջ կը պարունակէ, կը կրէ ամբողջ հայկական սփիւռքի ապագան:
Ինչպէ՞ս յառաջացնել այդ հասարակաց քաղաքական կամքը, որ արտայայտութիւնը կամ հետեւանքը չըլլայ խորամանկութիւններու եւ մանրիկ շահերու, որոնք կը դալկացնեն մեր ազգային-համայնքային կեանքը: Գունագեղ ժողովները կրնա՞ն Պենտեկոստէի լուսամտութեան պահու մը արտայայտել այդ կամքը եւ զայն գերանցել:
Ոչինչ, գրեթէ ոչինչ գիտենք սփիւռքի մասին. համրանք, ծնունդներ, հայախօսութիւն, հայկականութեան հետ կապի գնահատում, ուսման մակարդակ, արհեստներու եւ ասպարէզներու թիւ եւ տոկոս, տնտեսական եւ դրամական կարողութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է տեսութիւններ եւ նախատեսութիւններ բանաձեւել բնակչութեան մը համար, որուն մասին ոչինչ գիտենք, գրեթէ ոչինչ, որուն մասին կրնանք խօսիլ միայն կոշտ եւ անտաշ գնահատումներով…
Որպէսզի հայկական սփիւռքը ձեռք բերէ քաղաքական, մշակութային, տնտեսական որոշ միութիւն եւ կարելի ըլլայ անոր ներշնչել ինք իր մասին որոշ տեսիլք, տեսիլքը` իր ապագային, անհրաժեշտ է, որ ան ինքզինք ճանչնայ որոշակի ճշգրտութեամբ, որոշողները զայն ճանչնան: Կարելի չէ միլիոնաւոր մարդիկ առաջնորդել` առանց այդ հաւաքականութեան գրեթէ ճշգրիտ ճանաչման, ցրուած հաւաքականութիւն` մեր պարագային, որուն գլխաւոր յատկանիշներէն մին է բաղկացնող անհատներու եւ խումբերու յարաշարժ վիճակը:
Զարմանալի է, որ եկեղեցիները եւ կուսակցութիւնները նախաձեռնարկ չեն եղած ցարդ նման գիտական ուսումնասիրութիւն մը իրականացնելու համար` շեմին ձգելով սիրողականութիւնը եւ երեւակայածին գնահատումները, զգացական ամբոխավարութիւնը եւ մնացեալը:
Երբ հայկական արտասահմանը կը դիմագրաւէ բազմապիսի խնդիրներ, հին թէ նոր, անընդունելի է շարունակել գաղթականական, վերապրողի եւ համայնքի ժառանգուած գաղափարներով:
Չկա՞յ մեկենաս մը, որ կատարէ անհրաժեշտ յատկացումը: Հարցը չի վերաբերիր ո՛չ քարի եւ ո՛չ դեղի, այլ` մեր ճշգրիտ ինքնաճանաչման:
Մի՞թէ աւելորդ պահանջ է ասիկա:
Կարելի է գիրքի ճակտին գրել. Ուսումնասիրութիւնս իրականացաւ արդեամբ եւ ծախիւք ազգային բարեբար… կը դնենք յատուկ անունը: Ամենայն լրջութեամբ:
7 յունուար 1997