Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրամանատարական Հաւաքներ. Մասնակցած Է Նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարը

Օգոստոս 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաձայն Արցախի պաշտպանութեան բանակի 2017-ի ուսումնական տարուան  պատրաստութեան ծրագիրին, պաշտպանութեան բանակի գումարտակներու, ինչպէս նաեւ հրետանային եւ հակաօդային պաշտպանութեան զօրամասերու հրամանատարներու եւ անոնց տեղակալներու տեսական գիտելիքներն ու գործնական ունակութիւնները կատարելագործելու նպատակով 7-էն 11 օգոստոսին  կազմակերպուած են հրամանատարական հաւաքներ:

Կարեւոր նկատելով նշուած օղակի սպայակազմի դերը` վերջինիս հետ համապատասխան վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեան: Նախարար Մնացականեան հաւաքի մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է բոլոր այն հարցերուն վրայ, որոնք կ՛առնչուին մարտավարական կարեւոր այս օղակի սպայակազմի առօրեայ  գործունէութեան, մարտի նախապատրաստման ու վարման, փաստաթուղթերու մշակման, ստորաբաժանումներու ղեկավարման, համակողմանի ապահովման ու փոխադարձ գործակցութեան կազմակերպման խնդիրներուն:

Հնգօրեայ հրամանատարական հաւաքներուն ընթացքին  իրականացուած են նաեւ խմբային վարժանքներ` գումարտակին մէջ  կապի կազմակերպման, ճարտարագիտական աշխատանքներու ծրագրաւորման եւ իրականացման, պաշտպանողական եւ յարձակողական մարտի նախապատրաստման եւ վարման,  գումարտակի պաշտպանութեան շրջանի ուրուագիծի մշակման նիւթերով: Հաւաքներու ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է յատկապէս այն հարցերուն, որոնք այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին մարտական հերթապահութեան եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստակամութեան:

Սեմինար-վարժողական ծրագիրի, ցուցադրական ու խմբային վարժանքներու եւ հաւաքներու ծրագիրով նախատեսուած միւս նախաձեռնութիւններուն ընթացքին հաշուի առնուած են նաեւ 2017-ի առաջին ուսումնական փուլին նկատուած թերութիւնները, այդ ուղղութեամբ վերադաս հրամանատարութեան կողմէ տրուած են համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

 

Նախորդը

Ասթանայի Մէջ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամ Երկիրներու Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Հերթական Հանդիպումը

Յաջորդը

Մովսէս Յակոբեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հասած Է Մոսկուա

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?