Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած է տնտեսական կառավարման համակարգին առնչուող հերթական խորհրդակցութիւնը: Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի եւ «Արար» հիմնադրամի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ու տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւններու կառուցուածքային բարեփոխումներն ու առաջարկները, որոնք կը միտին գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը` համաձայն թիրախային չափորոշիչներու:
Առաջարկները մշակուած են` նկատի առնելով նշուած նախարարութիւններու ախտորոշման արդիւնքները եւ զանազան ստորաբաժանումներու գործունէութեան խոչընդոտները: