ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այս շաբաթավերջը շատ հաճելի պիտի անցընէք. հրաւէրներ պիտի ունենաք, իսկ երեկոյեան մը ընթացքին նոր բարեկամներ պիտի գտնէք, որոնցմէ մէկը ձեր սրտին պիտի խօսի, եւ դուք ձեր ապագան պիտի գտնէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարծէք` ծուլացած էք եւ չէք ուզեր աշխատիլ, ոչի՛նչ, դուք ալ ձեր կարգին հանգիստի պէտք ունիք: Ուրեմն խաղաղ շաբաթավերջ մը վայելեցէք բնութեան ծոցին մէջ, եւ ամէն ինչ կը դասաւորուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բոլոր ծրագիրները պիտի իրագործուին, եւ դուք ձեր հանգիստը պիտի գտնէք: Նոր գործեր մի՛ փնտռէք: Արձակուրդ մը ծրագրեցէք, որպէսզի կարենաք վերամուտը լաւ դիմաւորել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբեմն կասկածամտութիւնը կը պատէ ձեզ, եւ ոչինչ ընել կ՛ուզէք. սակայն այս ընթացքը երկար չի տեւեր, եւ դուք շուտով ձեր հաւասարակշռութիւնը կը գտնէք, եւ ամէն բան սահուն կ՛ընթանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ոչինչ ընել կ՛ուզէք, հոգ չէ, արձակուրդի օրեր են. սակայն միօրինակութենէ դուրս եկէք եւ քանի մը պտոյտներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս շաբաթավերջին անակնկալ հանդիպումներ պիտի ունենաք. բարեկամութիւններ պիտի հաստատէք ձեզի հաճելի թուող անձերու հետ, որոնք ձեր գիտութիւնը պիտի զարգացնեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առանձի՞ն կը զգաք: Մեր օրերուն անձերու հետ կապեր պահելու միջոցներ չեն պակսիր. օրինակ` Դիմատետրի միջոցով կրնաք ծանօթութիւններ հաստատել եւ հաճելի ժամանակ անցընել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարծէք` ընկերութենէ փախչիլ կ՛ուզէք: Այս վիճակը երկար չի կրնար տեւել. քանի մը օրուան առանձին արձակուրդ մը բաւական է կազդուրուելու համար: Վերադարձէք ձեր առօրեայ կեանքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր զոյգը չէ՞ք գտած: Մտահոգուելու ոչինչ ունիք, այս շաբաթավերջին երեկոյեան մը ընթացքին պարզ հանդիպում մը ձեր ապագան կրնայ որոշել: Ձեզի կը մնայ շրջահայեաց ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անտրամադիր էք եւ ոչինչ կը հետաքրքրէ ձեզ: Մտահոգուելիք բան մը չկայ, այս ալ կեանքին մաս կը կազմէ: Վաղը ուրիշ օր մըն է, որ կրնայ ձեր տրամադրութիւնը ամբողջովին փոխել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտանիքը դժուարութեան մը դիմաց ձեր օգնութեան պէտք ունի. դուք անշուշտ օգնութեան պիտի հասնիք եւ բոլոր հարցերը պիտի կարենաք լուծել: Ձեր ընտանիքը ձեզի երախտապարտ պիտի ըլլայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարծէք` խնայողութեան մասին բնաւ կարծիք չունիք եւ յաճախ անտեղի կը ծախսէք: Աւելի խոհեմ եղէք, քիչ մը ձեր ապագան մտածեցէք: Ձեր եկամուտը նոյնը չի կրնար մնալ: