Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կեանքը Ինչպէս Որ Է»

Օգոստոս 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Կեանքը ինչպէս որ է»

Արեւմտահայ գրականութեան վիթխարիներէն Գրիգոր Զոհրապի սոյն հատորին մէջի գրութիւնները լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր առօրեայ կեանքը:

Շատ չի պատահիր ներկայ գտնուիլ հարազատի մը հարսանիքին եւ երկու օր ետք սգակիրներու շարքին դասուիլ եւ ներկայ գտնուիլ ուրիշ բարեկամի մը մէկ հատիկ զաւկին յուղարկաւորութեան:

«Հարսանիք եւ թաղում իրար կը գրկեն» (Սարգիս Սարգիսեան)

***

Օրը շաբաթ է: Եկեղեցին  ծաղկաստանի վերածուած է: Հրաւիրեալները բջիջային հեռաձայնները ձեռքերնին` անդադար կը նկարեն:

Հարսին հայրը իր աղջկան ճակատէն համբուրելէ ետք զայն կը յանձնէ իր ապագայ կողակիցին:

«Ուրախ լեր, Սուրբ եկեղեցի
Քանզի Քրիստոս արքան երկնից
Այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով»:

Պսակող քահանայ հօր օրհնութենէն ետք բոլորս կ՛ուղղուինք խրախճանքի սրահ:

Ականջներ խուլցնելու չափ աղմկոտ երաժշտութեամբ ներս կը մտնէ նորապսակ զոյգը: Երգ ու պար, կերուխում` մինչեւ առաւօտեան ժամերը:

Բարեմաղթանքներ:

«Աչքերնիդ լոյս»: «Երջանիկ ըլլան»: «Մէկ բարձի վրայ ծերանան»:

Նորապսակները երկուքն ալ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ են: Ներկայիս երկուքն ալ կ՛աշխատին օտար հաստատութիւններու մէջ:

Ներկաներուն մէջ նշմարելի են, մեծ թիւով հայ դասընկեր-դասընկերուհիներու կողքին, նաեւ օտար պաշտօնակիցներ:

Հայ հրաւիրեալները երեկոն կը ճոխացնեն հայկական շուրջպարերով, մինչ օտարները շլացած են հայկական եւ միջինարեւելեան ճաշերով:

Ուրախ է ամէն մարդ: Հայկական նոր ընտանիք մը կազմուեցաւ:

Երեկոն բաւական յառաջացած է, եւ ուրախ տրամադրութեամբ, իւրաքանչիւրս կ՛ուղղուինք դէպի մեր տուները:

***

Երկու օր ետք: Օրը` երկուշաբթի:

Գերեզմանատան մատրան «խորանին» կեդրոնը կը նշմարենք դագաղ մը, իսկ շուրջը` տասնեակ մը ծաղկեպսակներ:

Մութ սրճագոյն «սնտուկին» մէջ կը հանգչի անկենդան մարմինը անձի մը, որ իր կենդանութեան կեանքով լեցուն, միշտ ժպտուն, կատակասէր անձ մը եղած էր:

Ներկայ իգականներուն մեծամասնութիւնը սեւեր կամ մութ գոյնի հագուստներ հագած, ձեռքերնին բջիջային հեռաձայններու փոխարէն` մէկական թաշկինակ, իրենց արցունքոտ աչքերը կը սրբեն:

Կոմիտաս վարդապետի տխուր երաժշտութիւն մը աւելի յուզիչ կը դարձնէ պահը:

Հանգուցեալը օտար վարժարան յաճախած եւ ստացած էր համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Պատասխանատու պաշտօն կը վարէր ամերիկեան մեծ հաստատութեան մը մէջ: Սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն, եւ այդ պատճառով, մեծ թիւով օտարներու կը հանդիպինք գերեզմանատան մատրան մէջ:

Երկու հայ կղերականներ կը կատարեն թաղման կարգը: Աղօթքները կը կատարուին երկլեզու: «Հայր Մեր»-ին կը յաջորդէ «My Lord»-ը: Հայ կղերականներու ցաւակցական խօսքերը, հանգուցեալին համառօտ կենսագրականը կը կարդացուին հայերէնով ու անգլերէնով:

«Հոս Ամերիկա է», ինչպէս յաճախ կը կրկնուի այդ անիմաստ նախադասութիւնը, եւ օտար ներկաները գոհացնելու միտումով նոյնիսկ կարգ մը աղօթքներ անգլերէնով կը կատարուին:

Ըստ հայկական սովորութեան, դամբանականներ կ՛արտասանուին գերեզմանատան մէջ, սակայն ամերիկեան սովորութեան հետեւելով` այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ գերեզմանատան մատրան մէջ:

Խօսք առնողները բոլորը օտար են եւ կը յիշեն հաճելի, զուարճալի դրուագներ, զոր անցուցած են հանգուցեալին հետ, դպրոցական օրերէն մինչեւ իրենց աշխատավայրը: Չեն յիշեր ո՛չ մէկ տխուր դէպք: Միայն ու միայն զուարճալի դէպքեր, եւ ներկաները շատ յաճախ… բարձրաձայն կը խնդան, թէպէտեւ այդ «ուրախ» խնդուքները միայն քանի մը վայրկեան պիտի տեւեն, եւ քիչ ետք հողին պիտի յանձնուի սիրելի անձ մը:

«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց
Ուր Ենովք եւ Եղիա, կան ծերացեալ աղաւնակերպ
Ի դրախտին Երեմակն պայծառացեալ արժանապէս»:

***

Շատ մը սովորութիւններ «ամերիկացած» են:

Նորապսակ զոյգը, եկեղեցիէն դուրս ելած ժամանակ, հրաւիրեալներէն շատեր կը ծափահարեն:

Ամերիկեան սովորութիւն է, նաեւ եկեղեցական արարողութեան աւարտին պսակող կղերականը «հրաման կու տայ», որ փեսան համբուրէ իր հարսը… եկեղեցւոյ մէջ:

You may kiss the bride:

Բարեբախտաբար այդ մէկուն տակաւին հանդիպելու «բախտը» չեմ ունեցած, սակայն ծափահարելը սկսած է ընդհանրանալ:

Կարգ մը հայկական սովորութիւններ խոտոր կը համեմատին ամերիկեան սովորութիւններու հետ:

Մեզ հայ պահողը, հայոց լեզուի կողքին, եղած են եւ պէտք է շարունակեն ըլլալ մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք դժբախտաբար սկսած են նուազիլ:

Կը դժգոհինք նուազելուն պատճառով` յուսալով, որ ամբողջովին չկորսուին:

***

«Ուրախ լեր, Սուրբ եկեղեցի»,

իսկ երկու օր ետք`

«Ի վերին Երուսաղէմ»:

Բարեմաղթանքներ:
«Աչքերնիդ լոյս»: «Երջանիկ ըլլան»: «Մէկ բարձի վրայ ծերանան»:

Ցաւակցութիւններ:
«Աստուած հոգին լուսաւորէ»: «Կեանքը մնացողներուն»:

Ծաղկեփունջեր եւ… ծաղկեպսակներ:

Հարսին հայրը իր աղջկան ճակատէն համբուրելէ ետք զայն կը յանձնէ ապագայ կողակիցին:

Հանգուցեալին ծնողքը ափ մը հող կը նետեն դագաղին վրայ ու իրենց սիրասուն, մէկ հատիկ զաւակը կը յանձնեն… հողին:

«Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» (Սիամանթօ)

Իսկ ամերիկեան սովորութիւններուն համաձայն`

«Ես խնդալով կ՛ուզեմ թաղուիլ»:

«Կեանքը ինչպէս որ է»:

Այո՛, այդպէս է կեանքը:

 

Լոս Անճելըս, 2017

 

 

Նախորդը

Աւստրալիայէն Հայկական Կեանքեր. «Կանք, Կը Մնանք»

Յաջորդը

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?