«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայոց բանակը այսօր մեր հայրենիքի աշխարհագրական սահմանները կը պաշտպանէ:
Հայ զինուորը սահմանի վրայ հայրենի հողը, տունը կը պաշտպանէ:
Գաղափարական ո՞ր հզօր ուժի ներշնչումը Լիզպոնի հինգ հերոսները աշխարհագրական սահմանէն անդին, հայրենիքի անկախութեան գաղափարի սահմանները պաշտպանելու, Հայ դատի ընդհանուր խորագիրով մեր ազգային իղձերու եւ երազներու սահմաններուն համար մարտնչողներու ջոկատ դարձուցած էր:
Յաւե՜րժ փառք Լիզպոնի տղոց: Յաւե՜րժ փառք անոնցմէ առաջ ու անոնցմէ ետք հայկական ազատամարտի բոլոր մարտիկներուն, նահատակներուն ու նուիրեալներուն:
1993 յուլիս 27-ին Լիզպոնի մէջ հինգ հերոսներուն` Վաչէ Տաղլեանի, Արա Քրճլեանի, Սիմոն Եահնէեանի, Սեդրակ Աճեմեանի ու Սագօ Աբրահամեանի ինքնակամ ողջակիզումը իր խորհրդանշած հայրենանուիրութեան պատգամին ուժով կ՛ամրապնդէ ազգին անվտանգութեան, մեր ժողովուրդին կենսունակութեան համար անմնացորդ ծառայելու հայ երիտասարդին վճռակամութիւնը` այսօր, վաղը եւ առյաւէտ:
Կը խոնարհինք Լիզպոնի հերոսներու յիշատակին առջեւ եւ անոնց թողած կտակին արժանի ըլլալու ձգտումը մեր փառասիրութի՛ւնը դարձնելու խոստումը կու տանք: