Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորէն Լիզպոն, Արցախ Եւ Անդին…

Յուլիս 31, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Երեսունչորս տարիներ ետք ջինջ ու վճիտ կը մնայ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն ազգային գիտակցութեան եւ մարտունակութեան թելադրականութիւնը: Աւելի՛ն. շնորհիւ իրենց խոյացող աքթին, տարիներու թաւալումով աւելի կը բիւրեղանայ մեր ժողովուրդի իրաւազրկումի վերացման համար մղուող պայքարին էութիւնը: Աւելի կը շեշտուի մեր կամքի պրկումը` անխափան շարունակելու համար այդ պայքարը:

Լիզպոնի գործողութիւնը արկածախնդրութիւն մը չէր, այլ` քաղաքականօրէն հաշուարկուած եւ մարտականօրէն ծրագրուած յստակ նպատակ հետապնդող նախաձեռնութիւն: Բնական է` յախուռն էր գործողութիւնը, սակայն տիրող պայմանները կը պարտադրէին ծայրագոյն յանդգնութիւնը: Երբ տասնամեակներ շարունակ մեծ, միջակ եւ փոքր պետութիւններ կը փորձէին թաղել իրաւազրկուածի մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ կը պարտադրէին հաշտուիլ կատարուած իրողութեան հետ, տարբեր միջոցներով եւ տարբեր տարողութեամբ հակադարձութիւնը հարկադրանք էր մեր պահանջատիրութեան համար:

Այդ նոյն պետութիւնները լուռ էին եւ լռութիւն կը պահէին մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ու մեր հայրենի հողերու մեծ մասի բռնագրաւման անարդար փաստին առջեւ: Ծանր լռութեան հաստ պատ մը բարձրացուցած էին մեր թուղթէ աղերսներուն դիմաց: Մեր պահանջատէր երիտասարդութեան կը պարտադրուէր լռութեան այդ պատը քանդել ուժական պայքարով:

Լիզպոնի մեր հինգ նահատակ ընկերներուն վիճակուած էր լռութեան այդ արգելակող պատը ճեղքելու առաքելութիւնը: Իրենց յանձնուած էր պետութիւններու հանգիստը խանգարելու եւ սթաթիւս քուոն խախտելու պարտականութիւնը: Իրենց վստահուած էր Հայ դատի թղթածրարը վերաբանալու դժուարին գործը: Եւ անոնք կատարեցին իրենց յանձնառութիւնը` անշեղօրէն ու գիտակից կերպով: Կատարեցին հաւատքով, նոյնիսկ` իրենց կեանքի զոհաբերութեամբ, որպէսզի իրաւազրկման դէմ հայուն յանդգնութիւնը շարունակուի եւ ընդարձակուի:

Եւ այդ յանձնառութեամբ, 1983-ի յուլիս ամսուան վերջին շաբաթը անոնք ուղեւորուեցան դէպի Փորթուգալի մայրաքաղաքը` Լիզպոն: Անոնք ունէին ճշդուած թիրախ, յատուկ առաքելութիւն եւ յստակ նպատակ: Յուլիս 27-ին անոնք մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունէն ներս: Գրաւեցին դեսպանութեան շէնքերէն մէկը: Բացատրեցին իրենց առաքելութիւնն ու նպատակը: Ներկայացուցին իրենց պահանջները: Երբ ոստիկանութիւնը պաշարած էր շէնքը, անոնք անմեղներու սպանութեան չդիմեցին: Կրնային յանձնուիլ ոստիկանութեան, բայց չյանձնուեցան: Որոշեցին ինքնազոհուիլ, որպէսզի ի դէմ Հայ դատը անտեսող աշխարհի պետութիւններուն` երաշխաւորուի իրենց առաքելութեան անկեղծութիւնը եւ անարդարութեան վերացման իրենց պահանջին լրջութիւնը:

Այսպէս, մեր հինգ ընկերները, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ, յղեցին արար աշխարհին պահանջատիրութեան մեր պատգամը: Մեր ժողովուրդին կտակեցին պայքարը շարունակելու խոստումը: Մեր հայրենիքին նուիրաբերեցին բարձրագոյն զոհաբերութեան օրինակը եւ մեր նորահաս սերունդներուն ջամբեցին ու կը շարունակեն ջամբել հայուն մարտունակութեան ոգին:

Իրենց աքթով եւ գործողութեամբ անոնք դարձան անքակտելի մէկ օղակը մեր պատմութեան մարտունակութեան շղթային: Մարտունակութեան յատկութիւնը միշտ ալ եղած է Հայկական Լեռնաշխարհի ու Հայկական Բարձրաւանդակի հայ մարդուն նկարագրային յատկութեան անբաժան մասը:

Պատահած է, երբ պայմաններու հարկադրանքով մթագնած է այդ յատկութիւնը, սակայն հայ մարդը վերագտած ու վերատիրացած է ատոր: Այդպէս էր աւելի քան դար մը առաջ` հայկական յեղափոխութեան նախօրէին: Սակայն հայը կրկին վերադարձաւ իր հարազատ յատկութեան: Քրիստափորներու կամքով եւ նիկոլ դումաններու խիզախութեամբ կերտեցինք Պանք Օթոմաններ ու Խանասորի արշաւանքներ:

Այդպէս էր սարդարապատեան գոյամարտերու նախօրէին: Սակայն հայը ցուցաբերեց յեղափոխական խոյանքներու իր յատկութիւնը: Արամներու առաջնորդութեամբ եւ դրոներու անվեհերութեամբ նուաճեցինք անկախութիւն եւ կերտեցինք ազգային պետութիւն:

Այդպէս էր սփիւռքեան պայմաններու մէջ, երբ իրաւազրկումի դէմ մեր ձայները կը խեղդուէին.  սակայն հայը վերադարձաւ իր յեղափոխական աւանդներուն: Արդարութեան մարտիկներու վճռակամութեամբ եւ Լիզպոնի տղոց զոհաբերութեամբ լուսագծուեցաւ Հայ դատի ճանապարհը:

Այսպէս էր արցախեան ազատագրական պայքարի շրջանին եւ անցնող տարուան ապրիլեան օրերուն, երբ ազատամարտիկներու կամքով եւ մեր պաշտպանական արի զինուորներու դիմադրականութեամբ պաշտպանեցինք ու պահպանեցինք մեր հայրենական տարածքները:

Լիզպոնի գործողութիւնը եւ մեր հինգ ընկերները մէկ օղակն են հայուն մարտունակութեան եւ յեղափոխական աւանդներու շղթային: Այդ շղթան անքակտելի կը մնայ Խանասորէն Լիզպոն եւ Արցախ, նաեւ` աւելի անդին:

Լոս Անճելըս
26 յուլիս 2017

Նախորդը

«Հոգիդ Պէտք Է Ազատ Ըլլայ»

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Րաֆֆի Աշգարեանին Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?