Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. – 120-ամեայ Խանասորի Հետքերով

July 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան, որ ընդունակ ենք յեղափոխական կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու:… Ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, թէ հայն ալ գիտէ կռուիլ ազատութեան համար»:
Խանասորի արշաւախումբի հրամանատար` ՎԱՐԴԱՆ

Պարզ զինուորական գործողութեամբ մը կամ արշաւանքով մը պէտք չէ բաւարարուիլ, երբ կը տօնենք ու կը նշենք Խանասորի արշաւանքը: Ընդհակառակը, հայոց պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, որ Խանասորի արշաւանքը այն անդրանիկ արարքն է, որ կատարուեցաւ պաշտպանելու համար  շարունակ ոտնակոխուած հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքը: 25 յուլիս,1897-ին կատարուած այս պատմական արշաւանքը օրինակ դարձաւ եւ դեռ ալ մինչեւ այսօր կը դառնայ, որ «Երկաթէ շերեփ»-եան ոճով շարունակուի պայքարը` հայ ազգի պաշտպանման, ազատութեան եւ անկախութեան: Խանասորի սխրանքին արդիւնքն են պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած անկիւնադարձային դէպքեր, որոնց կարգին «խենթերուն գտած 28 մայիս 1918-ի հնար»-ը, 18 փետրուար 1921-ի հակախորհրդային ապստամբութիւնը`  Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոն հինգին սուրբ արարքը եւ, դեռ աւելի՛ն, 25 տարիներ առաջ Արցախի ազատագրութեան հերոսական պայքարը:

Ամենայն բծախնդրութեամբ, լաւապէս ուսումնասիրուած գործողութիւն մըն էր Խանասորի արշաւանքը, որ մինչեւ այսօր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է` իր ստեղծած կարգապահութեան, ռազմական արուեստի եւ աւանդին պատճառով եւ կը նկատուի ՀՅ Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարի  պատմութեան մէջ յիշատակելի գործողութիւն մը` իր մտայղացումէն մինչեւ աւարտ:

Շատ մը հարցադրումներ կատարուած էին, թէ ի՛նչ պատճառներով Նիկոլ Դուման, որ իր առաջադրած այս արշաւանքին չէր նշանակուած արշաւախումբի ղեկավար:

Նոյնինքն հայրենասէր եւ մարտունակ Դումանի համար երկրորդական էին այս հարցադրումները: Պաշտօնը վստահուած էր անոր գործընկերներուն` Վարդանին, Իշխան Արղութեանին եւ այլ հերոսներու:

Անոնք միասնաբար եկած էին վրէժ լուծելու Վանի քիւրտ մազրիկ ցեղէն: Այս կատարուած արշաւանքը, որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, պոռթկումն էր հայորդիին:

Հայ ֆետայիները «կարկուտ տեղացնելով Խանասորայ դաշտում»` կրցան լաւապէս չէզոքացնել արիւնարբու թշնամին եւ զգաստութեան հրաւիրել մազրիկ ցեղի ղեկավար Շարաֆ պէյն ու անոր հետեւորդները, որոնք անձնատուր ըլլաով եւ վերջնականապէս տեղի տալով` անգամ մը եւս չհամարձակեցան իրենց հալածանքն ու թալանը շարունակել:

Այսպէս, 120 տարիներ թաւալած են եւ հայորդին կը գիտակցի ու կ՛ըմբռնէ գոյութիւնը խանասորեան հերոսամարտի ստեղծած կամքին ու գաղափարականին, որ դուռ բացաւ եւ դարձաւ տիպար օրինակ մը` այլ պոռթկումներու, արարքներու եւ հերոսամարտերու:

 

Նախորդը

Նորայր Սրբազան… Հայր Նորայր… Մոսիկ…

Յաջորդը

Վարդգէս Պետրոսեանի Ծննդեան 85-ամեակի Առթիւ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.