Այս օրերուն Արցախ գտնուող Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան հարցազրոյց մը տուած է «Ապառաժ»-ին` Արցախի վերաբերող քաղաքական իրադարձութիւններու, արցախեան տագնապին ու տեսլականներուն վերաբերեալ:
Ըստ Մարիօ Նալպանտեանի, արցախեան տագնապի լուծման հորիզոնը նկատելի պիտի ըլլայ միայն հիմնական դերակատարներու` Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային:
«Բնական է հիմնական դերակատարներու ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը` տարբեր տագնապներու լուծման, եւ Արցախ պէտք չէ բացառութիւն ըլլայ: Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան դէմ առ դէմ: Այլեւս անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Ճիգ պէտք է թափել, որովհետեւ բանակցող կողմ ըլլալու հանգամանքը պիտի նպաստէ տագնապի լուծման», նշած է ան:
Խօսելով բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմի սկզբունքային հարցերուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նախ եւ առաջ առանձնացուցած է Արցախի Հանրապետութեան սթաթիւս քոն, այնուհետեւ շեշտած է նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւորութիւնը:
«Արցախի անվտանգութիւնը ինքնաբերաբար կը դառնայ Հայաստանի անվտանգութեան հարց: Եթէ այդ երաշխիքները չըլլան, բանակցութիւնները անխուսափելիօրէն փակուղիի մէջ պիտի յայտնուին, սակայն այսօր Ազրպէյճան պատրաստ չէ այս հարցերուն մասին լրջօրէն խօսելու», շեշտած է Նալպանտեան` համոզում յայտնելով, որ պետական եւ միջազգային բարձր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հանդիպումները կը նպաստեն լարուածութեան մեղմացման եւ կը ստեղծեն երկխօսութեան նուազագոյն նախադրեալներ:
Տագնապի լուծման համար պէտք է ստեղծուին նաեւ որոշ նախադրեալներ, որոնք, ըստ Նալպանտեանի, այսօր չկան տակաւին:
«Որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի խաղալու ժողովուրդի ճակատագիրին հետ: Այսօր մենք կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի որոշ դաշնակից պետութիւններ չեն հասկնար, որ իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ արդար խաղաղութիւն հաստատելու ծիրին մէջ: Այդ գիտակցութիւնը պէտք է առաջնորդէ մեր դաշնակիցները, հակառակ պարագային պիտի տուժէ բանակցային հոլովոյթը եւ հարցի խաղաղ լուծումը», ընդգծած է ան:
Խօսելով Ընկերվար միջազգայնականի օրակարգին վրայ Արցախի շուրջ ծաւալող քննարկումներուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նշած է, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային միաւորումը կուսակցական մակարդակի վրայ կը փորձէ ստեղծել պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն երկխօսութեան:
«Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի կարեւոր դերակատարութիւն, եւ անիկա հարթակ մըն է, ուր առիթ կը ստեղծուի Արցախի հարցին էութիւնը եւ զարգացումները ճիշդ ձեւով ներկայացնելու: Յստակ է, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, եւ այդ առումով յաջողած ենք կառոյցին մէջ դրական տրամադրութիւններ ստեղծել», նշած է Մարիօ Նալպանտեան եւ կարեւոր նկատած այդ ուղղութեամբ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալայի դերակատարութիւնը, որ տարբեր առիթներով եղած է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ եւ կուսակցական ու պետական բարձր մակարդակով ներկայացուցած է կազմակերպութեան մտահոգութիւնը եւ փափաքը` դրական ներդրում ունենալու հարցի լուծման մէջ: