Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակազդելով Թուրքիոյ Հակաիսրայէլեան Կեցուածքներուն` Հայիր Լապիթ Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու

Յուլիս 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի «Ապագայ կայ» (Եշ Աթիտ) կուսակցութեան հիմնադիր առաջնորդ Հայիր Լապիթ վերջերս իսրայէլեան խորհրդարանին (քնեսեթ) ներկայացուցած է  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ մը: «Ժամանակն է, որ դադրինք հաճոյալի ձեւանալ Թուրքիոյ, այսուհետեւ պէտք է ընենք այն, ինչ որ չէինք ըներ ցարդ, պէտք է ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, պէտք է զօրակցինք քրտական պետութեան հաստատման», յայտարարած է Լապիթ` հակազդելով  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իսրայէլի դէմ արձակած կեցուածքներուն:

«Տը Ճերուզալեմ փոսթ»-ին վերագրելով իր տեղեկութիւնները` «Արմէնփրես» կը մէջբերէ Լապիթի յայտարարութիւնները, ուր ան կ՛ըսէ. «Թուրքիա պէտք է հասկնայ, որ չի կրնար շարունակաբար հարուածել Իսրայէլը, ժամանակն է, որ դադրինք այլեւս հաճոյալի ձեւանալ  Թուրքիոյ, որ ամէն անգամ աւելի ուժեղ կերպով կը հարուածէ»: Ըստ իսրայէլացի այս քաղաքական գործիչին, «Իսրայէլ ո՛չ ներկայիս, ո՛չ ալ ապագային կրնայ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ»: Լապիթ նաեւ կոչ ուղղած էր Իսրայէլի` «մոռնալու Թուրքիոյ ճամբով քարիւղատար ունենալու գաղափարը»: «Իսրայէլ չի կրնար կախուած ըլլալ թշնամի կամ կիսաթշնամի պետութեան մը (Թուրքիա) ապառողական շուկայէն», ընդգծած էր Լապիթ:

Նախորդը

Յունաստան Վեց Ամսուան Կեցութեան Արտօնագիր Շնորհեց Սեւան Նշանեանին

Յաջորդը

«Անյետաձգելի Է Արցախի Մասնակցութիւնը Տագնապին Վերաբերող Բանակցութիւններուն» Հաստատեց Մարիօ Նալպանտեան

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?