Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւմտահայերը Միշտ Իրենց Հողէն Դուրս Գրականութիւն Ստեղծած Են». Գրիգոր Պըլտեան

Յուլիս 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան. Գրականագէտներու հրաշալի երրորդութիւն մը:

«Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90ականներուն էր, երբ գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով, գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան», «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան՝ խօսելով սփիւռքահայ գրականութեան ներկայ խնդիրներուն ու անոր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին:

Ըստ գրողին՝ Սուրիոյ մէջ  գրական սերունդ մը կը ձեւաւորուէր, սակայն վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով, այդ գրողները ցրուեցան՝ մէկ մասը Հայաստան գնաց, միւսը հաստատուեցաւ օտար երկիրներ: «Երիտասարդ գրողներ այժմ քիչ կան եւ զանոնք չենք կրնար գրողներ համարել… Գլխաւոր հարցը այն է, որ գրողներու միաւորող կեդրոն մը չկայ: Գրական մամուլ ալ այլեւս չկայ. քանի մը շաբաթաթերթի յատուկ բաժին-յաւելուածներ միայն՝ «Ասպարէզ», «Հորիզոն», իսկ «Շիրակ», «Բագին» ամսագիրները անկանոն ձեւով լոյս կը տեսնեն, «Բագին»ին մէջ գոնէ նոր անուններու կը հանդիպինք:

«Գրական մամուլը կը ստեղծէ գրողը, մանաւանդ, երբ այդ մամուլը հետամուտ է, որ գրողները գրեն ու հրատարակեն իրենց ստեղծագործութիւնները», նշեց Պըլտեան՝ ընդգծելով, որ այսօր գիր ու գրականութեան անմիջական արտայայտման հարթակը տպագիր մամուլի փոխարէն դարձած է համացանցը, սակայն այդպէս ներկայացուող ստեղծագործութիւնները դեռեւս նկարագիր չունին, այսինքն՝ կը բացակայի ընդհանուր ուղղութիւնը, հոսանքը, մտահոգութիւնները, գաղափարը, իւրաքանչիւրը իր ցանկութիւններուն համապատասխան կը գրէ: Այսօր, մարդիկ կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն, համացանցը հրաշալի միջոց է առանց գրաքննութեան հրապարակելու ստեղծագործութիւններ:

Ըստ Պըլտեանի՝ ընդհանուր գեղագիտական սկզբունքներ այլեւս չկան, եւ այս երեւոյթը տիրական է թէ Հայաստանի եւ թէ այլ երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ ալ գրական մամուլ չկայ. «Պէտք չէ կարծել, որ անկազմակերպութիւնը միայն Սփիւռքին յատուկ է», կը յայտնէ գրողը:

Գրականութիւնը, ըստ Պըլտեանի, ինքն իրեն պէտք է ծառայէ, չըլլայ գաղափարական միջոց: «Կարիք չկայ անընդհատ ըսելու, որ գրականութիւնը կը ծառայէ ազգի պահպանման: Եթէ գրականութիւն կը ստեղծուի, ապա այն կը ստեղծէ ե՛ւ լեզու, ե՛ւ ինքնութիւն»:

Պըլտեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գրողներու թիւը քիչ է, որովհետեւ պայմանները շատ հնարաւորութիւն չեն տար, իսկ գրելու համար ամէնէն կարեւոր պայմաններէն մէկը մայրենիով միտքեր արտայայտելու ու անսխալ գրելու հանգամանքն է: Ըստ Պըլտեանի՝ հայ գրականութիւնը պէտք է հայերէնով ստեղծուի: «Չեմ կրնար պատկերացնել հայ գրականութիւն, որ կը ստեղծուի անգլերէնով կամ չինարէնով: Ճիշդ է, Սփիւռքի մէջ  հայախօս մարդիկ շատ կան, բայց բոլորը այն մակարդակի չեն  տիրապետեր, որ գրականութիւն ստեղծեն: Լեզուով մը գրելու համար, առնուազն, պէտք է այդ լեզուն դպրոցը  սորված ըլլայ անձ մը: Արեւմտեան գաղութներու մէջ ալ մայրենին խորապէս չեն դասաւանդեր դպրոցներուն մէջ, ուստի, դժուար թէ անիկա վերածուի գրականութեան լեզուի: Պէտք է նաեւ գրելու ցանկութիւն ու ընթերցող ըլլայ: Այսօր հայերէնով լոյս տեսնող գիրքերը արհամարհուած են հայութեան կողմէ: Հայութեան կարեւոր մասը իր տան մէջ հայերէնով գիրքեր չունի: Արդէն հասկնալի է թէ ինչու չեն կարդար եւ գիրքերը 50 տարի նոր կը մնան…», յայտնեց Պըլտեան:

Կայ հին Սփիւռքը, որուն լեզուն արեւմտահայերէնն է, եւ նորը՝ Հայաստանէն արտագաղթածներն են, որոնք արեւելահայերէնով կը գրեն: Ըստ Պըլտեանի՝ վերջինները այնքան կազմակերպուած չեն, որքան նախկին Սփիւռքը: Երբեմն այնքան ալ մտահոգուած չեն Սփիւռքի մէջ  գրականութիւն ստեղծելով: Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են, իսկ արեւելահայերը այդ սովորութիւնը չունին, եւ արեւմտահայերու մօտ զարգացած է այն մտայնութիւնը, որ գրականութիւնը հող է: «Պատմութեան բերումով, լեզուն մեզի համար հայրենիք դարձած է: Բայց այժմ մարդիկ, կարծես թէ, դադարած են  այդպէս մտածելէ: Այժմ կը գրեն օտար լեզուներով, այն լեզուներով, զորս սորված են եւ ոչ թէ իրենց մայրենիով», եզրափակեց Գրիգոր Պըլտեան:

Նախորդը

Լիզպոնի Տղոց «Հեքիաթ»-ը (27 Յուլիս 1983)

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերու Մարզիկներուն Մասնակցութեամբ. Խանասորի Արշաւանքի Եւ Լիզպոնի Գործողութեան Նուիրուած Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?