Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տաճիկիստանի 20 տարեկանէն վար խումբին դէմ:
Արմէն Յովհաննիսեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Արմէն Նահապետեան եւ Առլեն Ծատուրեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ղազախստանի հետ, իր երրորդ մրցումը կը կատարէ Քրասնոտարի շրջանի 20 տարեկանէն վար խումբին դէմ: