Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար շուտով սպանական քաղաքացիութիւն պիտի ստանայ:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ մէկուկէս տարի առաջ սպանական քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացուցած Նէյմար, սեպտեմբերին պիտի ստանայ երկրորդ անձնագիրը:
Ըստ Սպանիոյ օրէնքներուն, երկրին մէջ երկուքուկէս տարի օրինական բնակողը կրնայ դիմել երկրորդ քաղաքացիութիւնը ստանալու:
Նէյմար Սանթոսէն քաթալոնական ակումբ տեղափոխուեցաւ 2013-ի ամրան: